Արտըչի Ծաղրական Յօդուածը Թրքական Սուտերուն Մասին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/06/ardech.jpg)
«Սապահ»-ի մէջ Էնկին Արտըչ կրկին ծաղրական ոճով գրած է Հայկական հարցին մէջ տասնամեակներ շարունակ պաշտօնական շրջանակներէ տարածուած սուտերու մասին: «Ո՞վ պիտի բնակի Գասապեաններու ապարանքին մէջ» խորագիրին ներքեւ ան ցնցիչ ոճով ձաղկած է այն սուտերը, որոնցմով Թուրքիոյ ժողովուրդը սնուցանուեցաւ տասնամեակներէ ի վեր: Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Մարմարա»-ն։
Ակնարկելով այն ապարանքին, որ մինչեւ վերջերս երկրի նախագահական պալատն էր, Արտըչ գրած է. «Այս երկրին մէջ վերջին սերունդներուն ոչի՛նչ ըսին, կամ ալ սուտ բաներ ըսին: Օրինակ, ըսին, որ երբ Մուսթաֆա Քեմալ Էրզրումի ու Սվազի վրայով Անգարա եկած էր, անոր ապարանք մը տրամադրուեցաւ: Բնական էր, ան հասարակ տեղ մը պիտի չբնակէր ի վերջոյ: Քաղաքէն դուրս, այգիով ապարանք մը տրամադրուեցաւ: Մեզի սորվեցուցին, որ այդ ապարանքը յոյնի մը կը պատկանէր: Նոյնիսկ ըսին, որ այդ յոյնը այնքան կը սիրէ եղեր Մուսթաֆա Քեմալը, որ իր ապարանքը անոր նուիրած է: Կ՛երեւի, թէ այդ յոյն հայրենակիցը թուրք ազգայնապաշտներու առաջնորդին այդ ապարանքը նուիրած է, որպէսզի ան աւելի լաւ կերպով յոյները վռնտէ Անատոլուէն: Մենք ալ կլլած էինք ասիկա: Յետոյ մեծցանք եւ աշխարհը աղտոտեցաւ: Աւելի ճիշդը` աշխարհը լուսաւորուեցաւ: Սորվեցանք, թէ ապարանքը իրականութեան մէջ հայու մը տունն է եղեր: Գասապեան ընտանիքին տունը: Զարմանալի՛ բան: Անգարայի մէջ հայե՜ր: Լա՛ւ, բայց արդեօք պարոն Գասապեա՞նն է, որ այս տունը նուիրած է Աթաթիւրքին: Ո՛չ: Որովհետեւ պարոն Գասապեանը 1919-ի դեկտեմբերին մէջտեղէն կորսուած է: Որովհետեւ այդ շրջանին, ինչպէ ՞ս եղեր է` չես գիտեր, Անգարայի մէջ բնաւ հայ չէր մնացեր: Պետութիւնն ալ ձեռք դրած է Գասապեանի ապարանքին վրայ: Ինչո՞ւ ձեռք դրեր է: Որովհետեւ Անգարայի բոլոր հայերը, գլխաւորութեամբ Գասապեանի, մէջտեղերէն անհետացեր են: Իթթիհատականները յանձնախումբ մը կազմեցին, որպէսզի ճշդեն, թէ ի՞նչ պիտի ընեն 1915-ին հայերու լքած կալուածները: Այսինքն` ինչպէ՛ս իրարու միջեւ պիտի թալանեն զանոնք»: