Հայ-յունական գեղարուեստական երեկոյ Աթէնքի մէջ

Յունիս 7-ին Հայ-յունական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը Աթէնքի մէջ  Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով Յունաստանի իշխող «Սիրիզա» կուսակցութեան մաս կազմող «Ձախ ուղղի» շարժման կեդրոնի սրահին մէջ կազմակերպած էր գեղարուեստական երեկոյ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` կը յայտնէ Աթէնքի «Հայաստան» լրատուացանցը:

Երեկոյին յատուկ ոգեւորութիւն հաղորդեցին հայկական եւ յունական (պոնտական, փոքր ասիական եւ կիպրական) հեքիաթներն ու երգերը:

«Մենք այսօր մեր զոհերու լռած շուրթերու եւ համրացած լեզուներու ձայնն ենք, երբ կը շարունակենք անոնց կիսատ մնացած երգերը եւ չամբողջացուցած հեքիաթները»,- ընդգծեց երեկոյի բանախօս պրն. Եորղոս Վենեցանոս:

«Տլէ Եաման» եւ «Մախմուր աղջիկ» հայկական եւ «Լալիոթակիա» յունական, զմիւռնիական ու «Էխէ եա, փանայա» պոլսական երգերը, մաս կը կազմէին մօտ մէկ տասնեակ երգերու ցուցակին:

Գեղարուեստական երեկոյի ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը ունեցան Էլէնի Քասեսեան, Միմա Քասեսեան, Սուսաննա Տէր-Սահակեան, Մկրտիչ Պօղոսեան եւ Հայկ Գասարճեան:

 03 04

Scroll Up