Պրազիլի ԱԳ-ն Թուրքիոյ. «Կան Դիրքորոշումներ, Որոնք Ենթակայ Չեն Փոփոխութեան»

Պրազիլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն, ուր կը շեշտէ, որ կը ցաւի եւ կ՛ափսոսայ Թուրքիոյ կառավարութեան կայացուցած որոշումին առնչութեամբ, սակայն կան գաղափարներ, դիրքորոշումներ, որոնք ենթական չեն փոփոխութեան: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-­ը` վկայակոչելով PrensaArmenia.com.ar-­ ը, նախարարութենէն նաեւ ափսոսանք յայտնած են, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Պրազիլի Ծերակոյտի կողմէ ընդունուած բանաձեւի առնչութեամբ նման դիրքորոշում յայտնած է, քանի որ բանաձեւը իր համերաշխութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը կը յայտնէ հայ ժողովուրդին Հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցի եւ անմեղ մարդոց զոհուելուն համար:

«Յունիս 1-­ին Պրազիլի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը եղած է արտաքին գործոց նախարարութիւն: Զայն ընդունած է Արտաքին գործոց գլխաւոր քարտուղար, դեսպան Սերխիոյ Տենեսը եւ սպառիչ բացատրութիւն տուած է այն գործընթացներուն առնչութեամբ, որոնք կ՛ընթանան Ծերակոտին մէջ: Ըսուած է, որ կան տեսակէտներ եւ աւանդական դիրքորոշում շարք մը հարցերու առանչութեամբ, որոնք ենթակայ չեն փոփոխութեան: Նոյն բացատրութիւնը ներկայացուած է նաեւ Պրազիլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին»,­- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ Ծերակոյտը կայացուցած որոշումը հիմնուած է Պրազիլի Սահմանադրութեամբ ամրագրուած անկախութեան լիազօրութեան վրայ: Միաժամանակ, նախարարութենէն յոյս յայտնած են, որ Թուրքիոյ հետ պաշտօնական երկկողմ ռազմավարական յարաբերութիւնները մօտ ժամանակահատուածին կը վերադառնան բնականոն հունին:

Պրազիլի Ծերակոյտի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող օրինագիծի ընդունումէն ետք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած էր յայտարարութիւն, ըստ որուն՝ ետ կը կանչէր իր դեսպանը Բրազիլէն:

«Իւրաքանչիւր անգամ, երբ որեւէ պետութիւն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծ կ՛ընդունի թրքական կառավարութիւնը ճնշումներ կը գործադրէ եւ կը խզէ դիւանագիտական յարաբերութիւնները այդ երկրին հետ: Պրազիլի Ծերակոյտը եւս մէկ քայլ ըրաւ եւ միացաւ Հարաւային Ամերիկայի այն պետութիւններուն, որոնք կողմ են արդարութեան ու ազնուութեան եւ դէմ են մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններուն»,-­ նախապէս յայտարարած էր ՀՅԴ Հայ դատի Հարաւային Ամերիկայի յանձնախումբի ղեկավար Ալֆոնսօ Թապակեանը:

Պրազիլի Դաշնային Ծերակոյտը միաձայն ընդունած է Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ ազգային պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ, դաշնային ծերակուտական Ալոիզիոյ Նունէս Ֆերէյրա Ֆիլեոյի եւ դաշնային ծերակուտական Ժոզէ Սերայի հեղինակած No 550/2015 բանաձեւը, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Scroll Up