Արամ Ա. Կաթողիկոս Ցաւակցական Նամակ Յղած է Ամերիկայի Փոխ-Նախագահ Ճօ Պայտընին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմին կատարած Հովուապետական այցելութեան ընթացքին, իմացաւ Ա.Մ. Նահանգներուն Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտընի որդիին՝ Պօ Պայտընին մահուան լուրը: Այս տխուր առիթով Նորին Սրբութիւնը Պոսթընէն ցաւակցական նամակ մը յղեց Փոխ-նախագահին: Ստորեւ ցաւակցագիր նամակին թարգմանութիւնը.
Սիրելի Փոխ-նախագահ Պայտըն,
Խոր ցաւով իմացանք ձեր որդիին՝ Պօ Պայտընին մահը, որ պատահեցաւ յետ իր կարճատեւ հիւանդութեան: Երիտասարդի մը մահը խոր կսկիծ պատճառեց մեզի, կեանք մը՝ որ ամբողջական նուիրում տածած էր իր ընտանիքին եւ հայրենիքին. կեանք մը՝ որ կրնար լեցուն ըլլալ բազմաթիւ այլ իրագործումներով: