Ժողովրդային Լայն Մասնակցութեամբ Տեղի Ունեցան Յունահայոց Ազգային Երեսփոխանական Ընտրութիւնները

Կի­րա­կի՝ 7 ­Յու­նիս 2015-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 9-էն մին­չեւ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ը, ­Յու­նաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին՝ Ա­թէն­քի, ­Քի­ֆի­սիա­յի, ­Փա­լէօ ­Ֆա­լի­րո­յի, ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի, ­Գո­քի­նիոյ, ­Գա­րէա­յի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի, ­Սե­րէ­սի, ­Գա­վա­լա­յի, Ք­սան­թիի, ­Գո­մո­թի­նիիի, Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ եւ ­Տի­տի­մո­թի­խօ-Օ­րէս­թիա­տա­յի ընտ­րա­կան կեդ­րո­նե­րուն մէջ, կա­յա­ցան ­Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մի Ազ­գա­յին Ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ օր»-ը:

Ըն­դա­ռա­ջե­լով Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան եւ ­Թե­մա­կան Ե­րես­փո­խա­նա­կան ­Կեդ­րո­նա­կան Ընտ­րա­կան ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վի կո­չին՝ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը ստո­ւար շար­քե­րով ուղ­ղո­ւե­ցաւ դէ­պի ընտ­րա­կան կեդ­րոն­նե­րը, ուր ազ­գա­յին­նե­րու քո­ւէ­նե­րով ընտ­րեց յա­ջորդ եօ­թը տա­րի­նե­րուն հա­մար ­Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մի ազ­գա­յին ե­րես­փո­խան­նե­րը։

Իւ­րա­քան­չիւր ընտ­րա­կան կեդ­րո­նի մէջ քո­ւէար­կու­թեան ըն­թաց­քին հսկո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րե­ցին Կեդ­րո­նա­կան Ընտ­րա­կան ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վի եւ ­Տե­ղա­կան Ընտ­րա­կան Են­թա­յանձ­նա­խում­բե­րու կազ­մե­րը, ո­րոնց ան­դամ­նե­րը հե­տե­ւե­ցան, դիւ­րա­ցու­ցին, լու­սա­բա­նե­ցին եւ ընտ­րու­թեան կար­գին հսկե­ցին։

Ընտ­րող­նե­րը, ամ­բողջ օ­րո­ւան ըն­թաց­քին, ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցան ընտ­րա­կան կեդ­րոն­նե­րը, ուր նա­խա­տե­սո­ւած քո­ւէար­կու­մի կար­գին հա­մա­ձայն կա­տա­րե­ցին ի­րենց պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։

Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին Ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­ցան 1902 հո­գի։

Scroll Up