Երեւանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Ընկերվար Միջազգայնականի Շրջանային Յանձնախումբի Ժողովը

Յունիս 8-9 Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ընկերվար միջազգայնականի ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Սեւ ծովու յանձնախումբի ժողովը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը խնդիրներ, ներառեալ` շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ տագնապներու լուծման հարցերը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ հիւրընկալուող յանձնախումբի ժողովին պիտի մասնակցին շրջանի ընկերվարական եւ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Ազրպէյճանէն, Ղազախստանէն, Պիելոռուսիայէն, Մոլտովայէն, Հունգարիայէն եւ Խըրխըզիստանէն:

Օրակարգ`

1) Շրջանի երկիրներէն հակիրճ զեկուցումներ.

2) Շրջանի տագնապներու խաղաղ լուծման ուղղութեամբ աշխատանք.

3) Շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան եւ ժողովրդավարական կառոյցներու զարգացման ապահովում եւ ամրապնդում.

4) ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Սեւ ծովու երկիրներուն մէջ ընկերվար-ժողովրդավարական առաջնահերթութիւններ:

Առաջին նիստը կը սկսի երկուշաբթի, Յունիս 8-ին, ժամը 10:00-ին, «Էրեբունի» պիզնըս կեդրոնին մէջ (9-րդ յարկ, «Էրեբունի» սրահ): Ժողովը իր աշխատանքները պիտի աւարտէ երեքշաբթի, Յունիս 9-ին:

Յանձնախումբի համանախագահներն են ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ Հունգարիայէն Ալեքսանտրա Տոպոլիին:

Ժողովի աշխատանքներուն աւարտէն ետք, Յունիս 9-ին, «Էրեբունի» պիզնըս կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս` ներկայացնելու համար յանձնախումբի ժողովի եզրակացութիւնները:

Scroll Up