«Իրան-Հայաստան բարեկամութեան միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան պատուիրակութեան անդամները հիւրընկալուեցան Սփիւռքի նախարարութեան մէջ

Յունիս 5-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան ընդունեց «Իրան-Հայաստան բարեկամութեան միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան պատուիրակութեան գործադիր տնօրէն Մոհամմատ Ռեզա Տամաւանտիի գլխաւորութեամբ:
Ողջունելով հիւրերը` Ս. Սրապիոնեան յոյս յայտնեց, որ հանդիպումը կը նպաստէ հայ-իրանական բազմադարեայ բարեկամական կապերու ամրապնդման: Անդրադառնալով «Իրան-Հայաստան բարեկամութեան օրեր» ծրագիրի ծիրէն ներս Ս. Թադէի վանք ուխտագնացութեան կազմակերպման հարցերուն` Ս. Սրապիոնեան նշեց, որ ուխտագնացութեան կը մասնակցի նաեւ «Իրան-Հայաստան բարեկամութեան միութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը: Նախարարի տեղակալը աւելցուց նաեւ, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը կապ հաստատած է Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթչեանի եւ Ս. Թադէի վանքի առաջնորդին հետ, որուն արդիւնքով ծրագիրի իրականացման շուրջ ձեռք բերուած են որոշակի պայմանաւորուածութիւններ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Տամաւանտին նշեց, որ տարիներու ընթացքին աւելցած է Ս. Թադէի վանք ուխտագնացութեան մասնակիցներու թիւը, որ շատ կարեւոր է:
Հիւրերը անդրադարձան նաեւ «Թաւրիզահայութեան մշակոյթի օրեր» նախատեսուող ձեռնարկի ծրագիրին եւ Սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցութեան հարցերուն: