ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունեց Եթովպիոյ հայ համայնքի ղեկավար Վարդգէս Նալպանտեանը եւ անոր դուստրը` Գայեանէ-Էլիզ Նալպանտեանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/06/Etwvpia.jpg)
Յունիս 5-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Եթովպիոյ հայ համայնքի ղեկավար Վարդգէս Նալպանտեանը եւ անոր դուստրը` Էլիզ Նալպանտեանը:
Ողջունելով հիւրերը, նախարար Հրանոյշ Յակոբեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ հայութեան հնագոյն համայնքներէն մէկը` Եթովպիոյ համայնքը, կը շարունակէ իր կենսունակութիւնը` պահպանելով նաեւ հայկական դիմագիծը:
Ներկայացնելով ներկայիս եթովպահայ համայքը` Վարդգէս Նալպանտեան տեղեկացուց, որ այնտեղ կ’ապրի շուրջ 100 հայ` հիմնականին մէջ Ատիս-Ապեպայի մէջ: Համայնքը կուսակցականացուած չէ, եւ առաւելապէս միաւորուած է հոգեւոր եւ մշակութային գետնի վրայ: Հայերը հիմնականին մէջ կը զբաղին առեւտրական գործերով եւ կը փորձեն պահպանել երբեմնի ազդեցիկ համայնքի աւանդոյթները: Գայեանէ-Էլիզ Նալպանտեան, որ մասնագիտութեամբ իրաւաբան է եւ 2013 թ. մասնակցած է Երեւանի մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրով համահայկական համաժողովին, նախարարին տեղեկացուց, որ ամէն ինչ կ’ընէ իր մասնագիտութիւնը հայ դատին ծառայեցնելու համար:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հիւրերուն ծանօթացուց Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան եւ ծրագիրներուն` յորդորելով գտնել հնարաւորութիւններ, մասնաւորապէս եթովպահայ երիտասարդ սերունդին մասնակից դարձնելու հայապահպանութեան միտուած նախարարութեան ծրագիրներուն:
Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան եթովպահայ համայնքի աշխուժացման, Հայաստանի հետ կապերու զարգացման, հայոց լեզուի պահպանման եւ այլ հարցեր: