Հայ Երաժշտութեան Երեկոյ՝ Մասնակցութեամբ Գէորգ Հաճեանի

Հայ հոգեւոր երաժշտութեան կեդրոնը կազմակերպած է հայ երաժշտութեան երեկոյ, որ տեղի պիտի ունենայ Յունիս 10-ին, երեկոյեան ժամը 19.00-ին, Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ։

Երեկոյին պիտի մասնակցին Գէորգ Հաճեան (Տենոր), կոնցերտմայստեր՝ Մարգարիտ Սարգսեան, բանախօս՝ Դանիէլ Երաժիշտ։

Ծրագիրը կ՝ընդգրկէ Կոմիտաս, Շահան Ռ. Պէրպէրեան, Ա. Տիգրանեան, Զարեհ արք. Ազնաւուրեան, Ա. Բաբաջանեան, Դանիէլ Երաժիշտ։

Scroll Up