Ամէն առտու երբ արթննանք գիտենք, որ մեր ապագան Հայրենիքի մէջ պէտք է կերտենք

Ահագնացող արտագաղթի պայմաններու մէջ, բարեբախտաբար, ականատես կ’ըլլանք նաեւ երիտասարդ սփիւռքահայ ընտանիքներու վերաբնակեցման Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը յոյժ կարեւոր կը համարէ իր` իր իսկ հայրենիքին մէջ ընտանիքի ապագան կերտելը, զաւակներ մեծցնելը, իր` թէկուզ համեստ ներդրումը ունենալը հայրենիքի զարգացման գործին մէջ: Դժբախտաբար, այդպիսիները շատ աւելի քիչ են, քան արտագաղթողները, սակայն անոնք յոյսի նշոյլներ են եւ օրինակ կը ծառայեն բոլոր անոնց համար, որոնք այս կամ այն պատճառներով կը վարանին վերադառնալու հայրենիք:

Այդպիսի օրինակելի ընտանիքներէն  է  Յարութ եւ Լիլիա Ադամեաններու ընտանիքը:

2014 թուականին անոնք իրենց 3 զաւակներով վերջնական  հաստատուած են Արցախի մէջ:

Յարութը ծնունդով Լիբանանի Պուրճ Համուտ հայկական թաղամասէն է: Մայրը ծագումով զէյթունցի է, հայրը` խարբերդցի: Աւարտած է տեղի Կիլիկեան վարժարանը: Պատանեկան շրջանին ունէր բազում նախասիրութիւններ, որոնցմէ առաւել հոգեհարազատը դարձաւ մարտարուեստը, որն ալ յետագային առիթ հանդիսացաւ անոր` Արցախ տեղափոխուելուն եւ յետագային վերջանականապէս հաստատուելուն:

1985թ. Յարութը յաճախած է Լիբանանի հայ սեւ գօտիներու ակադեմիա եւ արդէն 1995-ին ստացած   սեւ գօտին:

«Մարտարուեստը իմ կեանքի կարեւորագոյն մասը կազմեց, որուն մէջ ես գտայ մարմնի եւ մտքի կրթութիւն, հոգեւոր ներդաշնակութիւն»,- կը նշէ Յարութ:

Այդ տարիներուն կ’աշխատէր նաեւ իբրեւ մարզիչ: 1997թ.  Կարօ Քեպապճեան անոր կ’առաջարկէ մէկ տարիով մեկնիլ Արցախ` Արցախի մէջ մարտարուեստ դասաւանդելու եւ իր գիտելիքները փոխանցելու: Ան կը հետեւի  ընկերոջ խորհուրդին:

 Արցախ գալէ մէկ տարի յետոյ Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ արդէն կը գործէին 20-է  աւելի մասնաճիւղեր` 3500-է աւելի աշակերտներով: Մէկ տարուան գործը վերջացնելէն յետոյ Յարութ Ադամեանին փոխարինող չեղաւ, եւ ան որոշեց  քանի մը տարի եւս մնալ Արցախ:

«Այդպէս կ’ապուեցայ Արցախին, անոր հող ու ջուրին, եւ արդէն ես ինքս չուզեցի վերադառնալ Լիբանան,-կ’ըսէ Յարութ ու անկեղծօրէն կը խոստովանի,- այստեղ ամէն ինչ տարբեր է, ինքզինքս աւելի ազատ կը զգսմ. այնքան ազատ, որքան մարդ ազատ կը զգայ իր սեփական օճախին մէջ»:

Արցախի մէջ ալ ծանօթացաւ իր ապագայ կնոջ` Լիլիայի հետ: Լիլիան Յարութի աշակերտներէն էր: «Միանգամէն հաւնեցայ Լիլիային, ան ամենաաշխոյժներէն էր եւ  մէկ անգամէն աչքի կ’իյնար, կը տարբերէր միւսներէն: 2 տարի անց`1999 առաջարկեցի անոր կեանքիս ընկերը դառնալ: Շուշիի մէջ պսակադրուեցանք եւ Արցախի մէջ մեծ հայկական հարսանիք կազմակերպեցինք` Արցախ հրաւիրելով սփիւռքի իմ բոլոր հարազատները»,- կ’ըսէ Յարութ`  աչքի պոչով սիրալիր նայելով  կնոջը:

Ղարաբաղի մէջ մնացին մինչեւ 2005թ.: Այդ ժամանակահատուածին ան պատրաստած է 12 մարզիչներ, որոնք իր գործը շարունակեցին Արցախի մէջ: Լիբանանի մէջ ապրած տարիներուն ամէն առիթով Արցախ կու գայի:

«Ամէն ամառնային արձակուրդի ոչ թէ ուրիշ երկիրներ կ’երթայինք հանգստանալու, այլ Արցախ կու գայինք` մեր ընկերներուն, հարազատներուն հետ հանգիստը անցնելու,- կ’ըսէ Լիլիան:

Սուրիոյ պատերազմը բացասաբար ազդած է  նաեւ Լիբանանի վրայ: Ինչպէս Յարութը կ’ըսէ` հայկական Պուրճ Համուտը այլեւս հանգիստ չէր: Քիւրտեր, արաբներ` տարբեր տեղերէ կ’աղաւաղէին հայկական միջավայրը: Ատիկա ալ առիթ հանդիսացաւ  Արցախ տեղափոխուելուն:

«Ամէն առաւօտ արթննալնուս մենք գիտէինք,  որ մեր ապագան հայրենիքի մէջ  պիտի կերտենք, որ  օր մը պիտի տեղափոխուինք Արցախ, սակայն երեխաները դպրոցական տարիքի մէջ էին, մտածեցինք` դպրոցը աւարտելէ յետոյ տեղափոխուինք: Բայց վերադարձը աւելի արագ կատարուեցաւ…»,- կ’ըսէ Լիլիան:

«Լիբանանի մէջ ապրելու տարիներուն հասկցայ, որ հայը յարգուած, ընդունուած է բոլորին կողմէ: Հայու ցաւը եւ ուրախութիւնը նաեւ իրենցն է: Հայկական տօնի կամ սուգի օրերուն, ի նշան յարգանքի, արաբները կը փակէին իրենց խանութները, ինչ որ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ չկայ>>,- կը պատմէ Լիլիան:

Լիլիան մասնագիտութեամբ լրագրող է: Լիբանանի հայկական դպրոցին մէջ կ’աշխատէր իբրեւ ուսուցչուհի:

Արցախ տեղափոխուելով` Յարութ շարունակեց իր գործը` իբրեւ մարզիչ: Քանի մը ամիս եղաւ, որ կ’աշխատի նաեւ ԼՂՀ զինուած ուժերու մէջ` իբրեւ պայմանագրային զինծառայող` մարզելով  նաեւ զինուորներուն:

«Իմ մարտարուեստը  ոչ միայն մարմին կը կոփէ, այլեւ` ոգին: Ատոր համար կարեւոր կը համարեմ, որ այն ուսուցանուի նաեւ բանակին մէջ: Հայու ոգին միշտ բարձր է եւ հպարտ, քանի որ մերն է այս երկիրը, հողը, պատմական հարստութիւնները: Մենք ազգովի պէտք է ըլլանք զինուորական` եւ ֆիզիկապէս, եւ հոգեպէս ուժեղ»,- կ’ըսէ ան:

Խօսելով Արցախի մէջ ապրելու դժուարութիւններու ու խոչընդոտներու մասին` Յարութ կը մեկնաբանէ, որ, անշուշտ, դժուարութիւններ կան աշխատանքի, ուսման մակարդակի առումներով, սակայն այդ դժուարութիւնները առկայ են նաեւ օտար երկրի մէջ: Սփիւռքի մէջ  կրնաս քանի մը աշխատանք գտնել եւ ընել միաժամանակ, շատ գումար վաստակել, սակայն  այնտեղ ալ ծախսերը շատ են. ուսումը վճարովի է եւ այլն:

Պատասխանելով այն հարցին, թէ հնարաւո՞ր է արդեօք, որ օր մը վերադառնան Լիբանան, Յ. Ադամեան կը պատասխանէ. «Մենք որոշում  ընդունած ենք վերջնականապէս տեղափոխուիլ Արցախ, եւ այդ որոշումը որեւէ բան չի կրնար փոխել, հակառակ պարագային` չէինք տեղափոխուիր ,- կ’ըսէ ան ու կը  շարունակէ,- տեղափոխուելով Արցախ` մենք մեր յոյսը չենք դրած պետութեան վրայ: Տուն ունէինք, աշխատանքս` իբրեւ մարզիչ, կար, միայն բանակին մէջ աշխատանքի ընդունուելու հարցով աջակցեցին, բայց ուրիշ հարցով չենք դիմած, չենք ալ դիմեր… Մենք քիչով կը բաւարարուինք: Չենք բողոքեր ոչ մէկ բանէ` յուսալով եւ հաւատալով վաղուան օրուան: Անշուշտ, մեզի պէս շատ  սփիւռքահայեր կ’ուզէին վերադառնալ հայրենիք, եթէ աշխատանք ունենային Արցախի մէջ: Կը կարծեմ` այսօր այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին, եւ կը յուսամ` շուտով շատերը կը վերադառնան»:

Յարութը եւ Լիլիան ունին 3 զաւակ` 2 որդի` Արամը եւ Գաբրիէլը, եւ փոքրիկ Սարինը, որ 4 տարեկան է: Որդիները հօր նախասիրութիւնները եւ ընտրած մասնագիտութիւնը մասամբ կը կիսեն, աւելի շատ անոնց բեմարուեստը կը գրաւէ:

Մեծ որդին` Արամը, այս տարի ընդունուած է Երեւանի յառաջատար վարժարաններէն մէկուն:

Փոքրիկ Սարինը կը  յաճախէ երաժշտական դպրոց. շատ կը սիրէ երգել: Եւ առիթը չի փախցներ իր «արուեստը» ներկայացնելու բոլոր անոնց, որոնք հիւր կու գան իրենց տուն: «Ապառաժ»-ի խմբագրութիւնն ալ բացառութիւն չեղաւ: Մենք ունկնդրեցինք նոյնիսկ փոքրիկ երգչուհիի հեղինակած երգերը:

Այսօր Արցախի Սեւ գօտիներու ակադեմիան, որուն սերմերը հէնց Յարութը դրած է, մեծ յաջողութիւններու  հասած է միջազգային ասպարէզի մէջ: Այսօր ունինք Եւրոպայի աշխարհի ախոյեաններ, յառաջատարներ: Հարցին, թէ ո՞րն է արցախցիներու` այս մարտարուեստի մէջ աննախադէպ յաջողութեան գրաւականը, Յարութը կը պատասխանէ.

«Արցախցի պատանին իմ հանդիպած ամենաընդունակ պատանին է: Շատ շուտ  կ’ընկալեն ամէն ինչ` ըլլայ արուեստ, մշակոյթ, թէ մարզանք: Պատասխանատու եւ յամառ են: Միայն պէտք է ճիշդ ուղորդել անոնց, եւ շատ կարճ ժամանակահատուածի մէջ յաջողութեան կը հասնին»:

Խօսելով բացթողումներու մասին` Յարութ ափսոսանքով կը նշէ, որ այսօր Արցախի մէջ չեն գործեր մինչ 2005 թուական եղած Արցախի սեւ գօտիներու ակադեմիոյ 20 մասնաճիւղերը: Պատճառը, բնականաբար, նիւթական օժանդակութեան պակասն է:

«Այսօր շատ կարեւոր է, որ  սահմանամերձ գիւղերու մէջ ունենանք մասնաճիւղեր, քանի որ Ստեփանակերտի մէջ արդէն բաւականին զբաղում կայ: Սահմանամերձ գիւղի պատանին եւ երիտասարդը իրաւունք ունի աւելի աշխոյժ եւ յագեցած առօրեայ, աւելի տոկուն մարմին եւ ոգի ունենալու»,- կ’ըսէ Յարութը:

Լուսինէ ԹԵՒՈՍԵԱՆ

aparaj.am

 

 

Scroll Up