Կրնամ Վերահաստատել, Որ Եղած Է Պրազիլի Ծերակոյտին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Վերաբերեալ Որոշումը. Է. Նալպանտեան

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան այսօր ԱԳ նախարարութեան մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի վերջոյ, ինչ եղաւ Պրազիլի ծերակոյտի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, ըսած է, որ նման որոշում եղած է: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը:

«Կարող եմ վերահաստատել, որ եղել է Պրազիլիայի Սենատի կողմից Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ որոշումը: Դա տեղադրուած է նաեւ իրենց կայքում: Ես կարող եմ վերահաստատել նաեւ, որ ԱԳՆ-ն ողջունել է Պրազիլիայի Սենատի այդ որոշումը»,- ըսած է գերատեսչութեան ղեկավարը:

Յիշեցնենք, որ Մայիս 27-ին տեղեկաթիւն տարածուած էր, որ Պրազիլի Դաշնային Ծերակոյտը միաձայն ընդունած էր ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ ազգային պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ, դաշնային ծերակուտական Ալոիզիօ Նունէս Ֆերէյրա Ֆիլիոյի եւ դաշնային ծորակուտական Ժոզէ Սերայի հեղինակած No 550/2015 բանաձեւը, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Այս որոշումին յաջորդած էր ՀՀ ԱԳ նախարարի յայտարարութիւնը, որով ան կ՛ողջունէր Պրազիլի Ծերակոյտի որոշման ընդունումը եւ կը նշէր, որ կը շարունակուի Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման անշրջելի գործընթացը:

Ապա, մամուլին մէջ լուրեր շրջանառուեցան, որ Պրազիլի խորհրդարանը նման որոշում չէ կայացուցած:

Scroll Up