Հրաչեայ Պօղոսեան. «Երբեք Չկտրուելով Սեփական Արմատներէն` Ես Կը Հասկնամ, Որ Այսպէս Կ’ապրեցնեմ Իմ Զաւակներս»

Հրաչեայ Պօղոսեան զինուորական է, պահեստի մայոր: Ծնած է Հոկտեմբերեան (Արմաւիր), 1970 թուականին, ապա իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը ապրած է Արագածոտնի մարզի Ագարակ գիւղին մէջ: 1988 թուականին աւարտած է Երեւանի` զրահատանկային զօրքերու գլխաւոր մարշալ Հ. Բաբաջանեանի անուան յատուկ ռազմական դպրոցը: 1992 թուականին աւարտած է ՌԴ Չելեապինսկի ինքնաշարժներու ճարտարագիտութեան բարձրագոյն ռազմական ուսումնարանը: 1999 թուականէն անցած է պահեստազօր: Ստացած է արդարադատութեան բարձրագոյն կրթութիւն Ս. Փեթերսպուրկի մէջ… Յետագային ներգրաւուած է ազգային կերակուրներու արտադրութեան, հանրային շինարարութեան եւ վերականգնողական աշխատանքներուն` գլխաւորելով ՌԴ մէջ յայտնի  շարք մը ընկերութիւններ…

Կը ներկայացնենք «Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը Հրաչեայ Պօղոսեանի հետ.

– Պարո´ն Պօղոսեան, մինչեւ ձեզի հետ հանդիպելը, ես ծանօթացայ ձեր կենսագրութեան,գործունէութեան, կարդացի նիւթեր այն բազմաթիւ պարգեւներուն մասին, որոնք  դուք ստացած էք յատկապէս Ռուսաստանի հիւսիսային մայրաքաղաքին մէջ իրականացուցած ձեր գործունէութեան համար… զարմանքով եւ ուրախութեամբ արձանագրեցի, որ այդ քաղաքին մէջ եւ Լենինկրատի մարզին մէջ ձեզի կ’ընդունեն որպէս հարազատ,  մարդ, որուն կարիքը բոլորը կը զգան…

– Ես արդէն երկար ժամանակ է որ կ’ապրիմ Ս. Փեթերսպուրկ, այստեղ  ծաւալած եմ իմ հիմնական գործունէութիւնը: Քաղաքը չեմ ընտրած սոսկ իր գործարար հետաքրքրութիւններով, քանի որ առաւելապէս հետաքրքրուած եմ անոր պատմական զարգացումներով, նկարագիրով: Աւելին, Ս. Փեթերսպուրկը ինծի համար հարազատ եղած է իր «Հայկական ներկայութեամբ»: Մինչեւ այստեղ բնակութիւն հաստատելս  ալ գիտէի, ծանօթ էի այն ներդրումներուն, որոնք ունեցած են մեր հայրենակիցները քաղաքի մշակութային, ռազմական, կրթական եւ հոգեւոր ոլորտներուն մէջ: Իմ պատկերացումներուս մէջ ձեւաւորուած էր հայկական Պիտերը, ուստի ես առաջին իսկ պահին ինքզինքս  օտար չզգացի… Նախ, որպէս սրտիս պարտք, ամրագրեցի  պատգամ ու կոչ, որ եթէ կ’ապրիմ այս քաղաքին մէջ, կ’աշխատիմ այստեղ, ապա անոր կեանքին մէջ պիտի իմաստաւորեմ իմ գոյութիւնը: Չըլլալ լոկ  հայեցող, այլ ամէն ինչ ընել, որպէսզի Ս. Փեթերսպուրկի մէջ խորանայ հայկական հետքը, տարբեր նախաձեռնութիւններով իմաստաւորուի մեզմէ ամէն մէկուն գոյութիւնը այստեղ:

-Եւ հաւանաբար հէնց այդ գիտակցումն ալ ձեզի առաջնորդեց  շարք մը նախաձեռնութիւններու մտայղացումին եւ ծնունդին: Իսկ նման նախաձեռնութիւնները քիչ չեն: Ես տեղեկացայ, որ Սինեաւեան բարձունքին տեղադրած ենք մեր հնամենի խաչքարը,որն ալ դարձած է ձեր կարեւոր մտայղացումներէն մէկը:

– Ցանկացած քաղաքի մէջ, ուր կ’ապրինք մենք, պիտի ներկայացնենք հայկականութեան գլխաւոր խորհրդանիշները: Ասիկա ինծի համար համոզում է: Իսկ ի՞նչ կարելի էր ներկայացնել որպէս խորհրանիշ, եթէ ոչ խաչքարը: Նախ ըսեմ, որ ես իմ էութեամբ միշտ ալ առանձնակի վերաբերմունք ունիմ հոգեւոր արժէքներու եւ հոգեւոր խորհրդանիշներու հանդէպ: Կրօնականութիւնը միայն ձեւն է, մինչդեռ հոգեւորը շատ աւելի լայն է, անպարփակ: Այն մարդուն մէջ կը ձեւաւորէ մղումը դէպի տիեզերականը, վեհը` միաժամանակ անխախտ պահելով կապը ազգայինի, սեփական արմատներու հետ: Խաչքարը ինծի համար մեր ժողովուրդի տառապանքի, ցաւի եւ նաեւ տոկունութեան կարեւոր խորհրդանիշներէն մէկն է, այդ պատճառով ալ որոշեցի Սինեաւեան բարձունքին տեղադրել այն` որպէս յարգանք ու խոնարհում Հայրենական պատերազմին ինկածներու յիշատակին… Կարելի էր ճարտարապետական ուրիշ մտայղացմամբ յաւերժացնել նահատակներու յիշատակը, բայց ինծի համար առաւել նուիրականը հէնց խաչքարն էր, որ նաեւ այստեղ հայութեան ներկայութեան վկայութիւնը դարձաւ: Հէնց այս խաչքարով ալ սկիզբ դրուեցաւ եղբայրական ծառուղիին… Ըսեմ, որ սա իմ առաջին տեղադրած խաչքարն էր Ս. Փեթերսպուրկի մէջ, որուն յաջորդեցին եւս չորս խաչքար: Զուսպ, ոչ մեծ ծաւալի այս խաչքարերը կ’ամփոփեն իրենց մէջ մեծագոյն խորհուրդ եւ բովանդակութիւն, կը ներկայացնեն միջնադարեան վարպետներու ձեւաւորած աւանդոյթները` այսպէս հարստացնելով Ս. Փեթերսպուրկի ճարտարապետական բազմագոյն դէմքը:

-Դուք 2012-ին  խաչքար մըն ալ տեղադրեցիք Լենինկրատի պաշտպանութեան ժամանակ ինկածներու յիշատակին:

– Ս. Փեթերսպուրկը աշխարհի այն բացառիկ քաղաքներէն է, որ ցոյց տուաւ հերոսութեան փայլուն օրինակներ: Պաշարման դժուարին տարիներուն լենինկրատցիները կրցան ոչ միայն դիմանալ ու դիմակայել, այլեւ պաշտպանել քաղաքը, որ համաշխարհային մշակոյթի կարեւոր հանգրուաններէն է: Իբրեւ նախկին զինուորական եւ  մարդ մը, որ հիմա ալ չի հեռանար զինուորականութենէն` ես լաւ գիտեմ, թէ ինչ կը նշանակէ կռուիլ ու պայքարիլ  քաղաքի մը համար, որ գրեթէ զրկուած էր կենսապահովման երակներէն… Ուստի անտարբեր չէի կրնար անցնիլ ինկածներու յիշատակի կողքով… Գիտէք, ինկածներուն, երէկուան համար պայքարողներուն յիշելը կը դառնայ պահանջ ու պարտականութիւն, որովհետեւ մեզմէ ամէն մէկուն կենսագրութեան մէջ ալ կան մարդիկ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը  բերած են Մեծ հայրենականին, որոնք պաշտպանած են երկիրը: Յարգելով ինկածներուն` մենք կը յարգենք մեր յիշողութիւնը, մեր երէկը եւ նաեւ ամէն մէկ յուշարձան կը դառնայ զգուշացում: Միշտ այս սկզբունքով   առաջնորդուած եմ: Ես գիտեմ, որ Լենինկրատի պաշտպանութեան մասնակցած են նաեւ մեծ թիւով հայեր, պաշարուած քաղաքին մէջ իր գործունէութիւնը  ծաւալած է մեծանուն Վահրամ Փափազեանը` հանդէս գալով նաեւ ռազամաճակատային գիծին: Իմ տեղադրած խաչքարը նաեւ կը խնկարկէ Լենինկրատը պաշտպանած մեր հայրենակիցներուն:

– Պարո´ն Պօղոսեան, եթէ յիշատակենք յատկապէս յուշարձանները, որոնք դուք կառուցած էք մարտական փառքի ճանապարհով անցածներուն, ապա անոնց թիւը շատ մեծ կ’ըլլայ: 2011-ին ձեր կառուցած «Ուղղափառ խաչը» նուիրուեցաւ պաշարման ճեղքը  իրականացնողներու յիշատակին, անոր բացման ներկայ գտնուեցան ՌԴ խորհրդարանի նախագահ Սերգէյ Նարիշկինը, որն ալ իր առանձնակի շնորհակալութիւնը յայտնեց ձեզի…

– Ս. Փեթերսպուրկի մէջ պատմութեան կարեւորագոյն հատուածներէն մէկն է պաշարման ճեղքումը: Այդ Հայրենական պատերազմի պատմութեան փառահեղ դրուագներէն մէկն է: Այս փաստի կողքով ալ ես չէի կրնար անտարբեր անցնիլ, որովհետեւ ինծի համար յիշողութիւնը նաեւ ներկայ է: Երբ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ նման յուշարձան կը կանգնեցուի հայու կողմէ, կրկնակի կը մեծնայ անոր  արժէքը, որովհետեւ սա ապացոյցն է, որ մենք ընդամէնը բնակիչներ չենք այդ քաղաքին մէջ: Մենք նաեւ անոր պատմութեան ու ներկայի կրողն ենք: Սա ինծի համար չափազանց կարեւոր է, քանզի չի կարելի որեւէ տեղ ապրիլ հիւրի կարգավիճակով եւ հոգեբանութեամբ: Նարիշկինի` ինծի յայտնած շնորհակալութիւնը ես շատ բարձր կը գնահատեմ, որովհետեւ սա արդէն ապացոյց է, որ Ռուսաստանի մէջ ապրող հայերուս չեն ընդունիր սոսկ որպէս բարեգործներու, դուրսէն եկած մարդոց, այլ որպէս այդ երկրի քաղաքացիներ, որոնք կը հաստատեն իրենց ազգային ներկայութիւնը, տեսակը, մտածողութիւնը, որոնք ամենուրէք կը ձեւաւորեն նաեւ հայկականը` այսպէս միաւորուելով այդ երկրի պատմութեան ու անոր ժողովուրդին: Իմ կարծիքով, սա է մեզ պէտք, այսպէս կրնանք ձեւաւորել վերաբերմունք մեր հանդէպ: Իմ բոլոր նախաձեռնութիւններուն սատարած են Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հայրերը, Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Կիրիլը, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ եւ Լատոկայի մետրոպոլիտ Վլատիմիրը, Գատչինայի եպիսկոպոս Ամվրոսիմը, ուրիշներ: Այսպէս նաեւ առանձնայատուկ կերպով կ’ամրապնդուի կապը մեր երկու Եկեղեցիներուն միջեւ: Ես յաճախ իմ ձեռքը կը պարզեմ Ուղղափառ ռուս եկեղեցւոյ, հանդէս կու գամ տարբեր բարեգործութիւններով: Այսինքն` նպատակս մէկն է` նպաստել նաեւ քոյր Եկեղեցիներու միջեւ ձեւաւորուած երկխօսութեան: Եկեղեցին միայն հոգեւոր հայրերը չեն, մենք բոլորս ենք, իսկ Եկեղեցւոյ միջոցով մենք կրնանք հասնիլ եղբայրական փոխըմբռնումին:

-Ս.Փեթերսպուրկի մէջ  դուք աւելի շատ ձեր ուշադրութիւնը կը սեւեռէք, ինչպէս կ’ըսեն, հայկական հետքի խորացման. գիտեմ, որ վերականգնած էք զօրավար Մատաթովի գերեզմանաքարը, մեծ աջակցութիւն  ցուցաբերած էք Ս.Փեթերսպուրկի հայկական եկեղեցիին…

– Ես սիրով կը համագործակցիմ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի թեմի առաջնորդ Եզրաս եպիսկոպոսի հետ` բնականաբար, իմ շատ նախաձեռնութիւններու աջակից ունենալով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդը:  Ս.Փեթերսպուրկի հայկական յուշարձանները քիչ չեն, սակայն ոչ միշտ հնարաւոր եղած է զբաղիլ անոնց պահպանութեան հարցերով: Գիտէք, ես քիչ կը մասնակցիմ հայկական համայնքի մշակութային ձեռնարկներուն, սակայն առաւելապէս կեդրոնացած եմ յուշարձաններու, տաճարներու, հանրային նշանակութիւն ունեցող կառոյցներու վերականգնման:  Ատոնք ինծի համար կարեւոր են, որովհետեւ մնայուն արժէքներ են: Առհասարակ, այսօր ամենուրէք կը նկատուի հոգեւորէ հեռացում, այն ամէն ինչ է,  պատմութեան ու ներկայի խաչմերուկն է: Մինչդեռ որեւէ դաստիարակութիւն, հայապահպանութեան որեւէ խնդիր կը լուծուի նաեւ այդ արժէքներու միջոցով: Երբ  Ս.Փեթերսպուրկի մէջ ապրող հայը կ’այցելէ եկեղեցի, յուշահամալիրներ եւ կը տեսնէ իր հայրենակիցին կողմէ վերականգնուածը, անոր մէջ աւելի կը խորանայ սէրը իր հայրենիքին, իր լեզուին հանդէպ, ան կը հասկնայ, որ ռուսաստանեան քաղաքին մէջ հայութեան ներկայութիւնը նպատակամղուած է ազգային ինքնութեան պահպանման: Երբ ՀՀ նախագահի կողմէ կը կազմակերպուին բարեգործական ճաշկերոյթներ, որոնց ընթացքին գումարներ կը հաւաքագրուին, ես չափազանց կ’ուրախանամ: Սա կը նշանակէ, որ Ռուսաստանի մէջ կը մեծնայ հայութեան կշիռը, ներկայութիւնը: Մարդիկ կը տեսնեն, որ Հայաստանի նախագահը կարեւոր կը նկատէ իր հայրենակիցներուն, անոնց հետ կը քննարկէ երկրի համար կարեւոր հարցերը, ուրեմն` Սփիւռքը ներկայացուած է իր երկրին մէջ, նաեւ` Ռուսաստանի: Երբ Սերժ Սարգսեան Ս.Փեթերսպուրկի մէջ էր, ան քալեց քաղաքի փողոցներով, ուր հանդիպումներ ունեցաւ: Սա առանձնակի հպարտութիւն հաղորդեց, ռուսերը տեղեկացան, որ Հայաստանի առաջնորդը իր հայրենակիցներուն հետ է: Ես չափազանց կարեւոր կը համարեմ նման քայլերը, նաեւ այսպէս համոզուած եմ, որ ամէն այցելութիւն  կը մեծցնէ սէրը Հայաստանի հանդէպ:

 – Դուք երբեք չէք մոռնար նաեւ Հայաստանը, ձեր Ագարակը: Այս գիւղին մէջ կառուցած էք Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, էջմիածնի մէջ տեղադրած էք խաչքար, որ օծած է Գարեգին երկրորդ կաթողիկոսը, ամէն տարի մեր երջանկայիշատակ կաթողիկոսներու գերեզմանաքարերուն ծաղկեպսակներ կը դնէք… յատկապէս Ագարակի եկեղեցին լուրջ ներդրում է…

– Իմ հայրենի գիւղի եկեղեցւոյ կառուցումը իր նախապատմութիւնը ունի: Ես այդ մասին յաճախ խօսած եմ:  Այդ իմ հաւատքի հանգանակն է, իմ նուիրումն է իմ գիւղին: Ես այդ եկեղեցին կառուցեցի նաեւ իմ տոհմի բոլոր հեռացածներու յիշատակին: Եկեղեցի կառուցելը եւս պատարագ է, զոհաբերութիւն: Չի կարելի հէնց այնպէս ինչ-որ տաճար կառուցել` միայն ու միայն  նոր շինութիւն մը ունենալու նպատակով: Ես իմ ողջ զգացողութիւնը  դրած եմ այդ եկեղեցւոյ քարերուն մէջ` համոզուած, որ այն կը նպաստէ ոչ միայն հաւատքի խորացման, կը դառնայ հոգեւոր ինքնամաքրման կեդրոն, այլեւ արմատներու ներկայութեան նոր վկայութիւն մը: Երբեք չկտրուելով սեփական արմատներէն` ես կը հասկնամ, որ այսպէս կ’ապրեցնեմ իմ զաւակները: Իմ երեխաները կապուած են Հայաստանին, անոնք չեն հեռացած մեր երկրէն, իսկ այս եկեղեցին աւելի կը խորացնէ անոնց կապը Հայաստաի հետ, կը պարտադրէ միշտ յիշել, որ ունինք հայրենիք ու լեզու:  Ս.Փեթերսպուրկի մէջ ես վերականգնեցի Սփիրիտոնովներու տոհմական դամբարանը` այսպէս նաեւ իմ շնորհակալութիւնը յայտնելով Պետրոս Մեծին, այն ռուս նշանաւոր ընտանիքներուն, որոնք նպաստեցին հայերու ներկայութեան հիւսիսային մայրաքաղաքին մէջ: Հայաստանի մէջ եւս պէտք է մշտապէս ամրապնդենք մեր ներկայութիւնը` մեր տաճարներով, վանքերով, խաչքարերով, լուսաւոր կառոյցներով: Չի կարելի ապրիլ արմատներէ ու ազգային արժէքներէ կտրուած` ապաւինելով տարերային հասկացութիւններուն: Երկրի տիրոջ, երկրի բնակիչի գաղափարը նաեւ այսպէս կ’ամրապնդուի: Ի դէպ, ես միշտ շատ բարձր կը գնահատեմ Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը, որ դուրսը իրականացուցած իր ծրագիրները չի տարանջատեր եկեղեցիէն, դպրոցէն: Հայ ըլլալու վստահութիւնը նաեւ եկեղեցւոյ մէջ է…

– Պարո´ն Պօղոսեան, թոյլ տուէք շնորհակալութիւն յայտնել զրոյցի համար, մաղթել ձեզ նոր յաջողութիւններ եւ հաւատալ, որ ձեր ձեւաւորած քայլերը օգնող ու վարակիչ կ’ըլլան նաեւ շատերու համար:

– Շնորհակալութիւ´ն:

Յետգրութիւն. Հրաչեայ Պօղոսեանի գործունէութիւնը դժուար էր ամփոփել այս փոքր հարցազրոյցին մէջ: Ուստի յառաջիկային անպայմանօրէն մենք կ’անդրադառնանք անոր գործունէութեան միւս ոլորտներուն` այս անգամ արդէն դիմանկարային ակնարկի տեսքով:

Զրուցեց   Լեւոն Մութաֆեան

 

Scroll Up