Հայաստանի Հանրապետութեան 97-ամեակը մեծ շուքով նշուեցաւ Նոր Ջուղայի մէջ

Հինգշաբթի` Մայիս 28-ի երեկոյեան, Նոր Ջուղայի Հայ մարզա-մշակութային «Արարատ» միութեան կեդրոնատեղիին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 97-ամեակը:

Երեկոն սկսաւ  հանդիսավարուհի Սօսէ Պօղոսեանի  ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքերով, որմէ ետք Ն. Ջ. Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան սկաուտական միաւորի միջոցով կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւնը, ապա Իրանի  իսլ.  Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշներու ներքոյ  հնչեց  երկու երկիրներու պետական  հիմները:

Յաջորդիւ Սպահանի հայոց  թեմի առաջնորդ Տ. Բաբգէն արքեպիսկոպոս Չարեանի նախագահութեամբ եւ  հոգեւորականաց դասի ու Արմէն Ամիրխանեանի ղեկավարութեամբ աշխատող` Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Կոմիտաս» երգչախումբի մասնակցութեամբ  տեղի ունեցաւ  Հանրապետական մաղթանք: Այնուհետեւ  ՀՀ պետական դրօշի  եւ Հայաստանի  առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր` Արամ Մանուկեանի մեծադիր պատկերին առջեւ կատարուեցաւ հանդիսաւոր շքերթ` մասնակցութեամբ թեմի ազգային իշխանութեան եւ ազգային այլ մարմիններու ներկայացուցիչներու, շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի, Հայոց ազգային դպրոցներու աշակերտութեան ու ուսուցչական կազմերու եւ համայնքէն ներս գործող միութիւններու ու ենթամարմիններու ներկայացուցիչներու, որոնց ընդունեցին Թեմակալ առաջնորդը, թեմի Պատգամաւորական ժողովի, Թեմական եւ Կրօնական  խորհուրդներու ատենապետները եւ շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչը:

ՀՀ հիմնադրման 97-ամեակի  նշման Նոր Ջուղայի յանձնախումբի խօսքը ընթերցեց Մարգարիտ Դաւթեան եւ «Ռուբէն» երիտասարդական միութեան խօսքը Նինելիա Աբրահամեան , որմէ ետք բանախօսութեամբ ելոյթ ունեցաւ, ազգային հասարական վաստակաւոր գործիչ Սոնիկ Պաղումեան:

Պաշտօնական բաժինի աւարտը հանդիսացաւ թեմակալ առաջնորդ Տ. Բաբգէն արք. Չարեանի  հայրական պատգամը: Գեղարուեստական բաժինին մէջ, ազգային-հայրենասիրական երգերու կատարմամբ հանդէս եկաւ Հայաստանէն ժամանած վաստակաւոր երգչուհի Լէյլա Սարիբէգեան: Ընթացքին երգերու եւ պարային համարներով ելոյթ ունեցան  Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Կոմիտաս» երիտասարդական երգչախումբի մեներգիչները, Նոր Ջուղայի Հայ մարզա-մշակութային «Արարատ» միութեան Մշակութային միաւորի  Էսդրատային խումբի անդամուհիները եւ «Կռունկ» պարախումբը:  Տօնախմբութիւնը  եզրափակուեցաւ հրավառութեամբ:

Երանուշ Թահմազեան

Իրան-Նոր Ջուղա

Լուսանկարները` Գեւիկ Խաչատրեանի

01 02 03 04

Scroll Up