Սուրիայէն Եւ Իրաքէն Գողցուած Արուեստի Գործերը Չգնելու Կոչ Արուեստի Սիրահարներուն

Թանգարաններու միջազգային խորհուրդի մասնագէտները հրապարակած են վտանգուած, գողցուած, անօրինական կերպով արտահանուած արուեստի գործերու «կարմիր ցուցակ»` կոչ ընելով արուեստի սիրահարներուն չգնել Սուրիայէն եւ Իրաքէն գողցուած գործերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Փարիզի Լուվր թանգարանի ղեկավար Ժան-Լիւք Մարթինէն նշած է, որ «Իսլամական պետութեան» ներկայացուցիչները կ՛ոչնչացնեն արուեստի անգին գործեր` ջնջելով ազգային փոքրամասնութիւններու հետքերը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ իրենց գրաւած տարածքներէն:
«Կարմիր ցուցակ»ին մէջ յայտնուած են հազարամեակներու հնութիւն ունեցողներէն մինչեւ 19-րդ դարու արուեստի նմուշներ:
Թէեւ «Իսլամական պետութեան» զինեալները կը պնդեն, թէ արուեստի գործերը կը նպաստեն կռապաշտութեան, թանգարաններու ներկայացուցիչները կ՛ըսեն, որ ԻՊ-ն «սեւ շուկայ»ի մէջ շահութաբեր գործով զբաղուած է` վաճառելով այս նմուշները: