Ֆրանսահայ բարերար Սարգիս Պետոյեանին շնորհուած է Սեւանի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում

Սեւանի Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ շինարարութիւնը հովանաւորելու համար ֆրանսահայ բարերար Սարգիս Պետոյեան արժանացած է Սեւանի պատուաւոր քաղաքացիի կոչման:

Անոր բարերարութիւնը յաւուր պատշաճի գնահատած է նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ ամենայն հայոց կաթողիկոսը` անոր պարգեւատրելով «Սուրբ Մեսրոպ» մետալով: Ինչպէս «Արմէնփրէս»ին կը տեղեկացնէ Սեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի քարտուղար Արմինէ Ղուկասեան, եկեղեցական կոչումով սարկաւագ Սարգիս Պետոյեան ցեղասպանութենէն փրկուած հայ մարդոց ժառանգը ըլլալով` ցանկացած է հայրենիքի մէջ եկեղեցի կառուցել` ի յիշատակ իր ծնողներուն, եւ վայրն ալ 2007 թուականին ընտրած է Սեւանը: Այդ ժամանակէն ալ եկեղեցի կառուցելու բարեսիրական նախաձեռնութիւնը ողջունած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի վեհարանը եւ դարձած կառուցման պատուիրատուն: Ընտրուած է նաեւ տարածքը, որ եկեղեցւոյ համար նուիրաբերած է այդ տարածքի սեփականատէր, Սեւան համայնքի աւագանիի անդամ Կամօ Աւագեան` աստուածահաճոյ այդ ձեռնարկը իրողութիւն դարձնելու համար:

2009 թուականի աշնան Գարեգին Բ կաթողիկոսի ձեռամբ Սեւանի մէջ կատարուած է կառուցուող եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութիւն, իսկ բացման արարողութիւնը տեղի  ունեցած է 2015 թուականի Մայիս 31-­ին: Եկեղեցւոյ բացման նախորդած էր Դռանբացէքի արարողակարգը: Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ բացման արարողութեան մասնակցած են ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Գեղարքունիքի մարզպետ Ռաֆիկ Գրիգորեան, մարզպետարանի պատասխանատուներ, Սեւանի տարածքի համայնքներու ղեկավարներ, բարձրաստիճան այլ պետական այրեր եւ հոգեւորականներ, ֆրանսացիներ եւ ֆրանսահայեր: Եկեղեցին բացուեցաւ եւ օծուեցաւ ձեռամբ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գարեգին Բ ամենայն հայոց կաթողիկոսի: Բարձր գնահատելով ֆրանսահայ բարերար Սարգիս Պետոյեանի ազգանուէր եւ աստուածահաճոյ ձեռնարկը` Գարեգին Բ կաթողիկոսը անոր շնորհեց «Ս. Մաշտոց» մետալ, իսկ Սեւանի քաղաքապետ Ռուդիկ Ղուկասեանին` «Ս. Ներսէս Շնորհալի» մետալ` իրականացուած աշխատանքներուն օժանդակելու եւ կազմակերպչական աշխատանքները լաւագոյնս կատարելու համար:

Ելոյթով հանդէս  եկած է բարերար Սարգիս Պետոյեան: Ան ուրախութեամբ փաստած է, որ իր տարիներու երազանքը այսօր յառնած է Սեւան քաղաքին մէջ եկեղեցւոյ տեսքով, եւ իր ուխտը կատարուած է: Սեւանցի աշակերտներու ֆրանսերէն լեզուով շնորհակալական խօսքերը, «Սեւան» ժողովրդական պարերու համոյթի կատարումները ամբողջացուցած են օրուան խորհուրդը: Սեւանցիները մասնակցած են նաեւ պատարագի արարողակարգին, որուն յաջորդած է մոմավառութիւն: Սեւանի Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ ճարտարապետն ու հեղինակն է ՀՀ վաստակաւոր ճարտարապետ Արտակ Ղուլեան:

Scroll Up