ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 40-րդ Մարզախաղերը Շրջանի Հայութիւնը Համախմբող Լաւագոյն Նախաձեռնութիւնն Են
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/06/0530navasartian.jpg)
Յուլիսի առաջին շաբաթավերջին, տեղի պիտի ունենան ՀՄԸՄի երիտասարդութեան մեծագոյն մրցակցութիւնը նկատուող՝ Նաւասարդեան մարզախաղերը, որուն անհամբերութեամբ կը սպասէ շրջանի ՀՄԸՄասէր հասարակութիւնը:
ՀՄԸՄի եզակի այս նախաձեռնութիւնը լաւապէս կազմակերպելու համար Շրջանային վարչութիւնը նշանակած է յանձնախումբ մը, որ ամիսներէ ի վեր արդէն իսկ աշխատանք կը տանի լաւապէս կազմակերպելու զայն: Կարեւոր այս յանձնախումբի պատասխանատուութիւնը յանձնուած է Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Սագօ Կարապետեանին:
Նաւասարդեան Մարզախաղերուն ընդհանուր աշխատանքներուն մասին հանրութիւնը տեղեկացնելու նպատակով հանդիպում մը ունեցանք Կարապետեանի հետ, որ լայն մանրամասնութիւններ փոխանցեց մեզի:
Ըստ այդ մանրամասնութիւններուն, շրջանի ՀՄԸՄի 18 մասնաճիւղերէն համախմբուած մարզական խումբերու արձանագրած յաղթանակները տօնախմբելու, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի հին ու նոր սերունդներուն առընթեր, շրջանի հայութիւնը այդ յաղթանակներուն մասնակից դարձնելու հեռանկարով, նկատի առնուած են զանազան հրապարակային ձեռնարկներ, ինչպիսին են Նաւասարդեանի բացման հանդիսութիւնը, յաղթանակի պարահանդէսը, չորսօրեայ փառատօնը, փակման շքեղ հանդիսութիւնը եւ այլք: Իւրաքանչիւր ձեռնարկի կազմակերպման համար նշանակուած է ենթայանձնախումբ մը, որուն պատասխանատուն մաս կը կազմէ Նաւասարդեանի գլխաւոր յանձնախումբին:
Նաւասարդեան 40րդ մարզախաղերու պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 15 Մարտ 2015, կէսօրէն ետք ժամը 5ին, Պըրմինկհամ Հայ Սքուլի ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ: Հրապարակային այս ձեռնարկին ընթացքին հանրութեան հանգամանօրէն ներկայացուեցաւ անոնց պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած ՀՄԸՄականներ տէր եւ տիկ. Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները, որոնց մասին առանձին պիտի անդրադառնանք մամուլով: Այսպէս, Նաւասարդեան 40րդ մարզախաղերու բացման հանդիսութեան պատասխանատու նշանակուած էր՝ Սիմա Կարապետեան
Փառատօն՝ Վահէ Օհաննէսեան
Փակման Հանդիսութիւն՝ Վահագն Թովմասեան
Յաղթանակի Պարահանդէս՝ Գօգօ Պալեան
Հաշուապահ՝ Նորայր Սաղպազարեան
Քարոզչութիւն՝ Մհեր Դաւիթեան
Ծանուցման Գրքոյկ՝ Սալբի Ճէճէեան
Փառատօնի Յայտագիր՝ Սիւզի Մինոյեան
Մուտքի պատասխանատու՝ Թովմաս Տէօքմէճեան
Գոյքապահ՝ Վարդգէս Շխրտըմեան:
Շաբաթ, 9 Մայիսին սկիզբ առին լայն ժողովրդականութիւն վայելող Նաւասարդեանի պասքէթպոլի մրցումները, որոնք նուիրուած էին մեր սիրելի մայրերուն, առ ի յարգանք իրենց անսահման զոհաբերութեանց: Մարզական մրցումները պիտի շարունակուին ամէն շաբաթավերջին, գլխաւորաբար Պըրմինկհամ Հայ Սքուլի մարզադաշտերուն վրայ:
Գեղեցիկ անակնկալներով լեցուն Նաւասարդեան չորսօրեայ փառատօնը իր դռները պիտի բանայ Հինգշաբթի, 2 Յուլիս 2015, կէսօրէն ետք ժամը 4ին, դարձեալ Պըրմինկհեմ Հայ Սքուլի շրջափակէն ներս, մասնակցութեամբ շրջանի սիրուած արուեստագէտներուն: Յայտագիրներուն հիւրաբար պիտի մասնակցին նաեւ Ֆրանսայէն եւ Քանատայէն երգիչներ: Նոյն երեկոյեան մթնոլորտը պիտի ճոխացնէ ազգային եւ յեղափոխական երգերու անզուգական երգիչ Գառնիկ Սարգիսեանը եւ այլ արուեստագէտներ: Իսկ ակնկալուած հրավառութիւնը տեղի պիտի ունենայ գիշերուան ժամը 9:30ին: Փառատօնը պիտի շարունակուի ամէն երեկոյ եւ գեղեցիկ անակնկալներով իր աւարտին պիտի հասնի Կիրակի, 5 Յուլիսի գիշերուան ժամը 11ին: Յանձնախումբը օրը օրին, բանաւոր եւ գրաւոր մամուլով տեղեակ պիտի պահէ հանրութիւնը: Փառատօնի համադամ ճաշերու պատասխանատուութիւնը վստահուած է ՀՄԸՄի մասնաճիւղերուն, իսկ առեւտրական կրպակները ամբողջութեամբ ապահովուած են, նորեր կարելի չէ ընդունիլ:
Յաղթանակի պարահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 3 Յուլիսի երեկոյեան, Պեվըրլի Հիլթըն պանդոկի շքեղ սրահէն ներս, որու ընթացքին Նաւասարդեան 39րդ պատուոյ նախագահ տէր եւ տիկին Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեանները պաշտօնապէս իրենց պատասխանատուութիւնները պիտի փոխանցեն Նաւասարդեանի 40րդ պատուոյ նախագահ տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններուն: Յատուկ արարողութեամբ պիտի փոխանակուին կարեւոր այդ պատասխանատուութիւնը խորհրդանշող եռագոյն երիզները:
Նոյն երեկոյին, պաշտօնապէս պիտի ներկայացուի նաեւ Շրջանային Վարչութեան կողմէ «Տիպար ՀՄԸՄական 2015» տիտղոսին արժանացած վաստակաշատ ՀՄԸՄական Ժիրայր Սարգիսեան:
Եռամսեայ գեղեցիկ այս մարզախաղերու եւ այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու փակման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 5 Յուլիս 2015ին, կէսօրէն ետք ժամը 4:30ին, Պըրմինկհամ Հայ Սքուլի ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ, ուր ներկաները պիտի վայելեն ՀՄԸՄի հոգածութեան յանձնուած սերունդներու շքերթը եւ յաղթանակի բաժակներու յանձնումի ոգեւորիչ պահը: Այնուհետեւ, Նաւասարդեան խրախճանքը պիտի շարունակուի փառատօնի շրջափակէն ներս:
Նաւասարդեանի մուտքի սակ որոշուած է տասը տոլար իւրաքանչիւր անձի:
«Այս սակը, ոմանց համար շատ կը թուի, սակայն եթէ նկատի ունենանք տարուած հսկայական մեծածախս աշխատանքները, այդ գումարը չնչին է կազմակերպուած աշխատանքներուն նկատմամբ: Վերջապէս այս բոլորը կը կազմակերպուին մեր պատանի-երիտասարդներուն մաքուր եւ առողջ միջավայր մը ապահովելու համար: Արդ, Նաւասարդեանի ուրախութիւնը վայելող մեր մասնակիցները նաեւ հպարտանք պէտք է զգան, որ այդ աշխատանքին իրենք եւս իրենց լուման կը բերեն», բացատրեց Սագօ Կարապետեան: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք զանազան միջոցներով կը նպաստեն ՀՄԸՄին եւ յատկապէս Նաւասարդեան մարզախաղերու յաջողութեան:
Նաւասարդեան շքերթը սկսած է: Մրցող մարզիկ-մարզիկուհիները, արժանի են շրջանի հայութեան քաջալերանքին:
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԱՆ