Նախագահ Սարգսեան Ներկայ Գտնուեցաւ Սեւանի եւ Արտաշատի Նորակառոյց Եկեղեցիներու Օծման Արարողութիւններուն

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ներկայ գտնուած է Սեւան քաղաքի «Սուրբ Հրեշտակապետաց» եւ Արտաշատ քաղաքի «Սուրբ Յովհաննէս» նորակառոյց եկեղեցիներու օծման արարողութիւններուն` հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի: Այս մասին կը յայտնեն նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:

Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչի անունը կրող Արտաշատի վերոնշեալ եկեղեցին կառուցուած է ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի նախաձեռնութեամբ ու բարերարութեամբ եւ ՀՀ վաստակաւոր ճարտարապետ Արտակ Ղուլեանի նախագիծով:

Սեւանի «Սուրբ Հրեշտակապետաց» եկեղեցին կառուցուած է Մայր Աթոռի բարերար ֆրանսաբնակ Սարգիս Պետոյեանի ջանքերով եւ դարձեալ ՀՀ վաստակաւոր ճարտարապետ Արտակ Ղուլեանի նախագիծով:

Scroll Up