Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի «Սկաուտի օր»-ը
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ծնունդը արդիւնք է հայ պատանիին ու երիտասարդին՝ հայ մարդու, տիպար քաղաքացիի պատրաստութեան անհրաժեշտ հիմունքները տալու նպատակին:
Այդ ուղղութեամբ, միութեան մտահոգութեան կեդրոնը եղած է մանկութենէն նման դաստիրակութիւն մը ջամբելու թելադրանքը: Այդ նպատակին հասնելու համար իր միութեան մարզերէն՝ սկաուտութեան հանդէպ ցուցաբերած է գուրգուրանք, ներկայ մանուկին մէջ ապագայ պարկեշտ մարդը տեսնելու երազանքով եւ հաւատքով:
Ինչպէս իր նշանաբանն ալ կ՚ըսէ՝ գիտնալ բարձրացնել իր հետ նաեւ ուրիշը, յարգանքը եւս մաս կազմած է իր դաւանանքի կէտերուն: Յարգել մեծը, ուրիշը, բայց նաեւ՝ ինքզինք:
«Հայ Սկաուտի օր»ը նշում մըն է, յիշեցում մը նման արժէքներու անհրաժեշտութեան:
Եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բոլոր մասնաճիւղերը, գրեթէ անխտիր, կը տօնեն այդ օրը, կը յիշեն ու կը յուշեն կարեւորութիւնը արժէքներու պահպանման:
Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի սկաուտները, այս տարուան իրենց յարգանքի օրը ընտրած էին Մայիս 17ը, զոր նշեցին Ալֆորվիլի Pôle Culturel-ի սրահին մէջ: Մտերմիկ, կոկիկ յայտագիր մը կը ներկայացուէր ծնողներուն ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բարեկամներուն, պահպանելով հաւատքը աւելի լաւի ձգտումին:
Պաշտօնական րաժինը կ՚ընդգրկէր սկաուտական արարողութիւն, տողանցք, պաշտօններու եւ գնահատականներու տուչութիւն: Համաչափ քայլերով եւ սկաուտական շարքերով սրահ մուտք գործող սկաուտներուն կշռոյթը առաջնորդեց շեփորախումբը: Խմբապետութեան խօսքu փոխանցեց միաւորի խմբապետ՝ եղբ. Պօղոս Մահպուպեան, ընդգծելով սկաուական առաքինութեան կարեւորութիւնը: Իսկ Վարչութեան անունուվ ելոյթ ունեցաւ ատենապետ՝ եղբ. Անտրէ Տատայեան: Ան շեշտը դրաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հայակերտումի ազգանուէր գործին վրայ, աւելցնելով, թէ “այսօր, 21րդ դարու սկիզբը եւ Հայոց Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք, նշեալ դաստիարակութիւնն ու արժէքներու փոխանցումը հայ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար առաւել կարեւորութիւն ունի, յատկապէս արեւմտեան մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքական այլասերող հսկայական ազդեցութիւններուն պատճառով”։
Եղբ. Տատայեան շնորհաւորեց բոլոր ներկաները այս օրուան առիթով եւ կոչ ըրաւ միասնական ջանքերով առաջ տանելու այս սուրբ գործը: Դադարին հրամցուեցաւ սկաուտ ծնողներէ կազմուած ընկերային յանձնախումբի բծախնդրօրէն պատրաստած կոկիկ հիւրասիրութիւնը, որմէ ետք բեմը կրկին տրամադրուեցաւ սկաուտներուն, որոնք ներկայացուցին կիրակնօրեայ իրենց աշխատանքներէն պատառիկներ, բայց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած յիշողութեան պատկեր մը:
Յուզիչ էր մտածել թէ 100 տարի ետք ալ այդ մատղաշ սերունդը կը կրէ իր նահատակներու անհատոյց դատին ջահը…
Երթը շարունակելու կամքով ցտեսութիւն յայտնեցին անոնք իրարու եւ ներկաներուն:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ԱԿԱՆ
«Նոր Յառաջ»