Մխիթարեան` Պունտեսլիկայի շաբթուան լաւագոյն ֆութպոլիստ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/05/Հենրիկ-Մխիթարյան.jpg)
Տորտմունտի «Պորուսիոյ» եւ Հայաստանի հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան ճանչցուած է Պունտեսլիկայի 34-րդ շրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստ:
armsport.am-ի փոխանցմամբ` Գերմանիոյ առաջնութեան պաշտօնական կայքին մէջ տեղի ունեցած հարցման ընթացքին 26-ամեայ ֆութպոլիստը ստացած է ձայներու 64 տոկոսը: Երկրորդ տեղը գտնուող Միւնխէնի «Պաւարիոյ» կիսապաշտպան Պաստիան Շուայնշտայկերի օգտին քուէարկած են 23 տոկոսը, իսկ լաւագոյն եռեակը եզրափակած է «Շթութկարտի» յարձակող Տանիէլ Կինչժեկ` 13:
Յիշեցնենք, որ Պունտեսլիկայի վերջին շրջանին «Պորուսիան» 3:2 հաշուով յաղթած էր Պրեմենի «Վերտերին», իսկ Մխիթարեան դարձած էր յաղթական կոլի հեղինակ: