Համահայկական խաղերը նոր ընկերներ ձեռքբերելու լաւագոյն հնարաւորութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/05/համահայկական.jpg)
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան հանդիպած է տարբեր համալսարաններու ուսանողներու հետ, որոնք կամաւորական սկզբունքով կ’աշխատին համահայկական խաղերու ընթացքին: Հանդիպման կը մասնակցէր նաեւ ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Մհեր Անանեան, որ կը համակարգէ համահայկական խաղերու ընթացքին կամաւորներու հետ տարուող աշխատանքները:
Կոմիտէի նախագահը ողջունեց հանդիպման մասնակիցները եւ նշեց, որ կամաւորական աշխատանքը գնահատելի եւ շնորհակալ գործ է: Ի. Զաքարեան ըսաւ, որ կամաւորները խաղերու մասնակիցներուն պիտի դիմաւորեն սահմաններուն մօտ եւ օդակայանին մէջ ու խաղերու ողջ ընթացքին պիտի ըլլան անոնց հետ: Օդակայանին մէջ պիտի գործէ կանաչ գօտի անցման ուղին, ինչպէս ողիմպիական խաղերու ընթացքին: Կամաւորները կ’աշխատին նաեւ խաղերու բացման տօնակատարութեան ժամանակ : Անոնք մասնակից քաղաքներու անուանումները կրող ցուցանակներով կ’առաջնորդեն շքերթին մասնակցող քաղաքներու պատուիրակութիւնները:
Հանդիպման մասնակցող երիտասարդները նշեցին, որ մեծ հաճոյքով կը համագործակցին համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէին հետ, քանի որ համահայկական խաղերը Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք եռամիասնութեան լաւագոյն դրսեւորումներէն են, եւ իրար ճանչնալու ու նոր ընկերներ ձեռքբերելու լաւագոյն հնարաւորութիւն :