Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Գիտաժողով Նոր Ջուղայի Մէջ

Սպահանի հայոց թեմի (Իրան) Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Կեդրոնական յանձնախումբի Համալսարանական ենթայանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Հինգշաբթի՝ 2015 թուականի Մայիս 21-ին, Նոր Ջուղայի Հայ Մ.Մ. «Արարատե միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն, պատմութիւն, դատապարտում եւ փոխհատուցում» խորագիրով: Գիտաժողովին որպէս ունկնդիրներ ներկայ էին Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանը, թեմի հոգեւորականաց դասը, Իրանի Իսլ. Խորհրդարանին մէջ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոբերտ Բեգլարեանը, Սպահան քաղաքի հինգերորդ շրջանի քաղաքապետ ճարտ. Ասարզադեգանը, Իրանի կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները, պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, թեմի ազգային մարմիններու, միութիւններու եւ հայոց ազգ. դպրոցներու ներկայացուցիչները եւ տարբեր համալսարններու հայ ու պարսիկ դասախօսներ եւ ուսանողներ:

Ծրագրի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ առաւօտեան ժամը 10-ին, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ, ապա կազմակերպիչ յանձնախումբի խօսքը ընթերցեց դոկտ. Սիլվա Ալլահվերդեանը, որմէ ետք Սպահանի հայոց թեմի Հայոց Ցեղսապանութեան 100-ամեակի Կեդրոնական յանձնախումբի անունէն արտայայտուեցաւ յանձնախումբի ատենապետ Նոէլ Մինասեանը£ Պրն. Մինասեան իր խօսքին մէջ անդրադառնալով Հայոց Ցեղսապանութեան մարդկային կորուստներուն, Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդին պատճառած նիւթաբարոյական ահռելի վնասներուն եւ «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» նշանաբանի պատգամին, աւելացուց. «Այս գիտաժողովի կազմակերպման նպատակն էª տարբեր երկրների  մտաւորականների եւ դասախօսների գիտութեան եւ փորձի փոխանակման միջոցով կատարել փոքր բայց հաստատուն քայլեր գիտական հետազօտութիւնների համար, օգտւելով ժամանակակից մեթոտները՝ ախտորոշում, յանցագործութիւնների պատճառների քննարկում,  կանխարգելում եւ որ ամենակարեւորը  դատապարտումն է»:

Որպէս զեկուցաբեր սոյն գիտաժողովին  ելոյթ ունեցան ազգութեամբ պարսիկ, հայ եւ թուրք 10 մտաւորականներ Իրանէն, Հայաստանէն եւ Լիբանանէն, հետեւեալ թեմաներով.

-«Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը, հիմնախնդիրներն ու հեռանկարները»՝ Մոդուս Վիյենդի հասարակական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի ղեկավար՝ Արա Պապեան.

– «Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ որբերու բռնի դաւանփոխութիւնն ու ձուլումը. Անթուրայի որբանոցի իրավիճակը: Ձուլում եւ դիմադրում»՝ պատմ. գիտ. դոկտ. եւ Լիբանանի մէջ Ամերիկեան Համալսարանիª մարդկային գիտութիւններու բաժանմունքի դասախօսª Սելիմ Մեհմեթ Դերինգիլ.

-«Հայերու կոտորածները Պաքուի նահանգին մէջ եւ թուրք-ատրպէյճանական իշխանութիւններու պատասխանատուութիւը»՝ պատմ. գիտ. դոկտ. պրոֆեսոր՝ Գէորգ Ստեփանեան, ՀՀ ԳԱԱ  պատմութեան հիմնարկ.

– «Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման իրաւական ու քաղաքական հեռանկարները»՝ պատմ. գիտ. թեկնածու, դոցենտ՝ Արմէն Մարուքեան, ՀՀ ԳԱԱ  պատմութեան հիմնարկ.

-«Հայաստանի պատմաքաղաքակրթական ամբողջականութիւնը ընդդէմ թուրք-ատրպէյճանական սնանկ կեղծարարութիւններու»՝ պատմ. գիտ. դոկտոր՝ Էդուարդ Դանիէլեան, ՀՀ ԳԱԱ  պատմութեան հիմնարկ.

-«Հայաստանը Օսմանական պատմական և աշխարհագրական աղբիւրներուն ու փաստաթղթերուն մէջ (16-րդ  դարէն)»՝ պատմ. գիտ. թեկնածու, ԻԻՀ Խորհրդարանի մէջ Թեհրանի և հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր՝ Կարէն Խանլարեան.

-«Հայոց Ցեղասպանութեան իրաւական պարադոքսները»՝ պատմ. գիտ. թեկնածու, դոցենտ եւ Իրանի «Խորասգանե իսլամական ազատ համալսարանի Իրաւաբանական բաժանմունքի դասախօս՝ Մոհամմադշարիֆ Շահի.

-«Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը երիտ-թուրքերու դատական վաւերագրերուն մէջ  (1919-1921)»՝ պատմ. գիտ. թեկնածու եւ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնե գիտահետազօտական հիմնադրամի թրքերէն բաժնի պատասխանատու՝  Մելինէ Անումեան.

-«Հայոց Ցեղասպանութիւնը և հայ գրականութեան աւանդոյթները»՝ բան. գիտ. թեկնածու, դոցենտ եւ Թեհրանի իսլամական ազատ համալսարանի Հայոց լեզուի և գրականութեան ամբիոնի վարիչ՝ Անդրանիկ Սիմոնեան:

-«Հայերու մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը»՝ մշակութային եւ պատմական հետազօտող եւ «Պայման» պարբերականի խմբագրական կազմի անդամ՝ Շահէն Յովսէփեան:

Դասախօսական ելոյթները աւարտեցան երեկոյեան ժամը 7.30-ին, որմէ ետք նախ ընթերցուեցաւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ամփոփիչ խօսքը, ուր ընդգծուած էին գիտաժողովին ընթացքին շեշտուած խնդիրները հատեւեալ կարգով.

ա. Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդը կրեց մարդկային մեծ կորուստներ, ենթարկուեցաւ հայրենազրկութեան, կորսնցուց իր մշակութային հարստութեան հիմնական մասը եւ մազապուրծ փրկուածներէն զգալի մասը բռնի կրօնափոխ եղաւ: Ցեղասպանութեան քաղաքականութեան շարունակութեան հետեւանքով  բնաջնջուեցան նաեւ Պաքուի հայերը:

 բ. Թուրքիոյ իրարայաջորդ իշխանութիւնները շարունակած եւ կը շարունակեն իրենց ժխտողական քաղաքականութիւնը. կիրառելով կեղծարարական գործելաոճ՝ փոխելով հայկական տեղանունները եւ խեղաթիւրելով պատմական եկեղեցիներն ու յուշակոթողները:

գ. Թուրքիոյ իշխանութիւններու ժխտման պաշտօնական քաղաքականութիւնը մարդկայօրէն եւ իրաւականօրէն չի կրնար արդարացնել Օսմանական Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը:

 դ. Իրաւական վաւերականութիւն ունեցող փաստաթուղթերը, ինչպէս նաեւ թրքական պատմական աղբիւրները անհերքելիօրէն կ՛ապացուցեն Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւուած հողերու պատկանելիութիւնը հայ ժողովուրդին:

ե. Հայ ժողովուրդի պահանջներն են՝ արդարութեան վերականգնումը, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու կողմէ, յանցագործներու դատապարտումը եւ փոխհատուցումը, որոնք պիտի երաշխաւորեն նաեւ մարդկութեան դէմ յետագայ ցեղասպանութիւններու կանխարգելումները:

Վերջաւորութեան որպէս օրուան եզափակիչ ելոյթª իր հայրական պատգամը փոխանցեց Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք Չարեանը: Ան շեշտելով, որ 100-ամեակով չ՛աւատիր մեր ժողովրդի աշխատանքը, այլ թեւակոխելով նոր հանգրուան մը՝ պէտք է ըլլանքª աւելի ուժեղ, աւելի միակամ ու աւելի գիտակից, յորդորեց՝  վստահիլ մեր ուժերուն, համազգային նոր ռազմավարութիւն որդեգրել եւ միացեալ կամքով ու ուժով յաղթահարել մեր առջեւ դրուած բոլոր մարտահրաւէրները:

Scroll Up