Հայ որբերու ամուսնութեան արարողութիւն Միջագետքի մէջ

Լուսանկարին մէջ տանիացի հայասէր Կարէն Եփփէի կողմէ կազմակերպուած հաւաքական հարսանիքի տեսարան է միջագետքեան նորակառոյց Թինա գիւղին մէջ (Սուրիա), ուր միաժամանակ պսակադրուեցաւ ութ զոյգ: Այս իւրօրինակ հարսանեաց ծէսը կատարած է Մկրտիչ քահանայ Մուրատեան երկու այլ քահանաներու հետ: Ձախէն երկրորդը Կարէն Եփփէի օգնական Յենի Յենսենն է:

Լուսանկարը առնուած է 1920-ականներու վերջը:

«Հարսանի´ք անապատին մէջ…
Օր մը անապատին մէջ ութ զոյգ որբեր պսակուեցան: Անապատէն խլուած մեր հեզաճկուն աղջիկները ճերմակ լաթ նետեցին իրենց գլխուն, հա´րս դարձան. մեր պատանիները փեսայ դարձան արաբական գլխանոցներով (փուշի եւ ակալ)… հայկական հարսանիքնիքներու ամենէ´ն փառահեղը»:

Սիմոն Սիմոնեան
«Հարսանիք Անապատին մէջ», Հայրենիք օրաթերթ, Պոսթըն, 1958, Յունիս 28-29

Լուսանկարի աղբիւրը` Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հաւաքածու «100 ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈԻԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ» գիրքէն :

Scroll Up