«Թումo»-ն Գիւմրիէն Ետք Կեդրոն Պիտի Ստեղծէ Նաեւ Ստեփանակերտի Մէջ

«Սիմոնեան» կրթական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, երրորդ «Թումօ» կեդրոնի բացումը կայացաւ Գիւրիի մէջ:

«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` սկզբնական շրջանին կեդրոնը պիտի գործէ Գիւմրիի տեխնոլոգիական կեդրոնի տարածքին, իսկ յետագային կը նախատեսուի զայն տեղափոխել Գիւրիի թատրոն:

«Սիմոնեան» կրթական կեդրոնի տնօրէն Մարի Լու Փափազեանը յոյս յայտ
նած է, որ թատրոնի շէնքի վերանորոգումը պիտի կայանայ մօտ ապագային, եւ կեդրոնը լիարժէք պիտի գործէ: Փափազեանը կը շեշտէ, որ Գիւմրիի «Թումօ»-ն գրեթէ ոչինչով կը զիջի Երեւանի եւ Դիլիջանի «Թումօ»-ներուն, եւ իրենք ամէն ինչ պիտի ընեն, որ կեդրոններուն մէջ տեխնիկական յագեցուածութիւնը եւ հնարաւորթիւնները ըլլան հաւասար: Յունիսէն Գիւմրիի «Թումօ»-ի անդամ դառնալու համար տեղի պիտի ունենայ երիտասարդներու արձանագրութիւն, իսկ դասընթացքները պիտի սկսին Սեպտեմբերէն: Սկզբնական շրջանին տարածքը պիտի ներառի 60 աշխատանքային կէտ, ինչ որ հնարաւորութիւն պիտի տայ հիւրընկալելու մինչեւ 1000 ուսանող:

Այժմ «Սիմոնեան» կրթական հիմնադրամը աշխատանքեր կը տանի Ստեփանակէտի մէջ «Թումօ» կեդրոնի ստեղծման ուղղութեամբ: Կը նախատեսուի մինչեւ Սեպտեմբեր աւարտին հասցնել շինարարութիւնը եւ «Թումօ Ստեփանակերտ»-ը իր դռները բանայ արցախցի 1000 պատանիներու առջեւ:

«Թումօ»-ն իր վրայ առաքելութիւն վերցուցած է տարածուիլ եւ հասանելի դառնալ ամբողջ Հայաստանի երիտասարդներուն համար: Կեդրոնը մշտապէս կը համագործակցի ոլորտի միջազգային առաջատար մասնագէտներու հետ, որոնք կ՛ակցելեն Հայաստան` իրենց փորձը կիսելու երիտասարդներու հետ:

Այսօր Երեւանի «Թումօ» կը յաճախէ 12-18 տարեկան 6000 պատանի: Կեդրոնի հիմնադրումէն ետք «Թումօ»-ի ուսումնական ծրագրին մէջ ընդգրկուած է 12 հազար պատանի: Գիւմրիի «Թումօ» կեդրոնի ստեղծման նախաձեռնութիւնը կը պատկանի ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին: 2014 թուականի Հոկտեմբեր 7-ին «Շանթ» հեռուստատեսութեան կազմակերպած մարաթօնի արդիւնքով հանգանակուեցաւ 250 հազար տոլար, որ տրամադրուեցաւ կեդրոնին:

Scroll Up