Էրտողան իր ելոյթին մէջ յիշեցուցած է հայկական լոպիի մասին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան այցելած է Թուրքիոյ Ուրֆա քաղաք, ուր հանրութեան հետ հանդիպում ունեցած է:
Ըստ քիւրտական «Rudaw» լրատուակայքին, կը գրէ ermenihaber.am-ը, Էրտողան, խօսելով Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած թուրք-քիւրտական բախումներուն մասին, անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ այն քաղաքական ուժերուն, որոնք անոր պնդմամբ`Թուրքիան մասնատելու նպատակով կը համագործակցին հայկական սփիւռքին հետ:
Էրտողան, ակնարկելով որոշ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու, մասնաւորապէս ըսած է. «Հոկտեմբեր 6-8 դէպքերուն ժամանակ մարդիկ փողոց հանեցին եւ 50 հոգիի մահուան պատճառ դարձան: Չաղլայեանի դատարանին մէջ մեր դատախազը սպաննուեցաւ, մեր ազգին սպառնացող կազմակերպութեան հետ ձեռք ձեռքի՞ տուած են:
Քաղաքական միակ նպատակը այս երկրին ու ազգին թշնամի հանդիսացող հայկական լոպիստական ուժերուն հետ համագործակցի՞լն է, ինչ է»:
Էրտողան նաեւ մեղադրանքներ հնչեցուցած է Սուրիոյ ղեկավարութեան հասցէին: Ըստ անոր սուրիական իշխանութիւնները անտարբեր են սեփական ժողովուրդի կրած տառապանքներուն նկատմամբ: