Չեխական ժիւրին Հայաստանին տրուած միաւորները 12-էն իջեցուցած է 2-ի

Այս տարի, չնայած Չեխիոյ հայութեան աշխոյժ քուէարկութեան, Հայաստանի մասնակից խումբը` Genealogy-ն, այս երկրէն ստացաւ ընդամէնը 2 միաւոր, որ մեծ կասկածի տեղի տուաւ, նկատի ունենալով, որ Չեխիան Ատրպէյճանին տուաւ 12 միաւոր: Այս մասին կը գրէ Փրակի մէջ լոյս տեսնող «Օրեր» եւրոպական անկախ ամսագիրը:

Պարբերականը կը գրէ նաեւ, որ մինչ այժմ տեղի ունեցած բոլոր «Եւրոտեսիլ»-ներուն ընթացքին, որոնց չեխ ներկայացուցիչ մասնակցած է, եւ չեխիան քուէարկութեան իրաւունք  ստացած է, Հայաստանի ներկայացուցիչները ստացած են 12 միաւոր: Իսկ Ինգա եւ Անոյշ Արշակեաններու մասնակցութեան տարին միայն Չեխիան 12 միաւոր շնորհեց Հայաստանի մասնակիցներուն:

Ի հարկէ, սա չի նշանակեր, թէ Հայաստան Չեխիայէն ցած  միաւոր ստանալու իրաւունք չունի: Օրինակ` անցեալ տարուան յաղթող Աւստրիան, այս տարի ստացաւ 0 միաւոր:

Եթէ առաջին տեղը տրուէր Ռուսաստանին, Իտալիոյ կամ Շուէտին, որոնք կը գլխաւորէին առաջին երեք տեղերը, ինչ-որ չափով  հասկնալի կ’ըլլար, սակայն Հայաստանը դնելով 9-րդ տեղ եւ Ատրպէյճանին տալով 1-ին տեղ,
չեխական ժիւրին հաստատած է իր կողմնապահութիւնը եւ ոչ մասնագիտական աշխատանքը:

Նկատի ունենալով, որ վերջին տարիներուն փոխուած է քուէարկութեան սկզբունքը, եւ ազգային յանձնաժողովները իրենց հայեցողութեամբ կը կիսեն տրուած ձայները, Չեխիոյ ազգային յանձնաժողովի անդամները խիստ ներքին միջամտութեամբ կրցան ազդել ձայներու վերջնական արդիւնքին վրայ:

Ըստ երեւոյթի, Պաքուի նաւթը կ’ազդէ ոչ միայն Չեխիոյ խորհրդարանի ղեկավարութեան վրայ, այլեւ` «Եւրոտեսիլ»-ի 5 անդամներէ կազմուած ազգային յանձնաժողովին վրայ, որ կը ղեկավարէ Չեխական ռատիոյի մեկնաբան Եիտկա Պենեշովան: Արդէն հրապարակուած արդիւնքներէն պարզ կը դառնայ, որ «Եւրոտեսիլ-2015» մրցոյթին Հայաստանի Genealogy խումբը հեռախօսային քուէարկութեան արդիւնքով Չեխիայէն ստացած է ամենաբարձր միաւորները եւ գրանցուած 1-ին տեղը: 2-րդ տեղը եղած է Ռուսաստանը, իսկ 3-րդը` Իտալիան: Ատրպէյճանը եղած է 4-րդ տեղը, բայց ժիւրիի կամքով յայտնուած է 1-ին տեղը:

Scroll Up