Հայկական տարազներու ցուցադրութիւնը մէկ յարկի տակ համախմբած է Ս. Փեթերսպուրկի հայկական համայնքը
Ս. Փեթերսպուրկի Հայ Առաքելական Սուրբ Կատարինէ եկեղեցւոյ «Վերնատուն»
մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական տարազներու ցուցադրում, որ
համատեղ կազմակերպած էին Երեւանի «Տէրեան» մշակութային կեդրոնը եւ քաղաքի
հայկական համայնքը:
Ս. Փեթերսպուրկէն «Ամէնփրէս»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ ցուցադրման
ներկայացուած տղամարդու եւ կանանց ազգային ոճով ձեւաւորուած զգեստները
պատրաստած են կեդրոնի շնորհալի դերձակներն ու մոտելաւորողները:
«Ազգագրական տեսակէտէն մեր ներկայացուցած տարազները ունին նաեւ ճանաչողական
նշանակութիւն եւ կը համարուին ազգային արժէք: Մեր գործունէութեան
ընթացքին մենք կ’այցելենք թանգարաններ, կ’ուսումնասիրենք հագուստներու
թանգարանային նմուշները եւ ատոնք մեր արուեստանոցներուն մէջ կը մոտելաւորենք ու
կը վերարտադրենք: Բացի այդ, մենք կ’ընդունենք պատուէրներ:
Մեր պատուիրատուները ազգային պարարուեստը ներկայացնող համոյթներն են,
թատրոնները, անհատ կատարողները, բեմադրիչները, անգամ հարսնացուները եւ
այլք»,-ըսաւ «Տէրեան» մշակութային կեդրոնի ներկայացուցիչ Թագուհի
Սիմաւորեան:
Ատոնք հիմնականին մէջ փոխառնուած են Արեւմտեան Հայաստանի Վասպուրականի շրջանի
Վան, Էրզրում, ինչպէս նաեւ Խարբերդի, Սասունի, Պիթլիսի, Ալեքսանտրոփոլի
բնակիչներու հագուստներէն եւ ուշադրութիւն կը գրաւեն իրենց
բազմազանութեամբ, զարդանախշերու բազմերանգութեամբ ու տեղի
գունեղութեամբ: Տարազներու ցուցադրման շնորհիւ ներկաները պատկերացում
կազմեցին Արեւմտեան Հայաստանի բնակիչներու կրած հագուստներու մասին: