Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ԼՂ հակամարտութեան հարցով նոր մեթոտներ պէտք է կիրառեն. Եոհաննէս Հան

 Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պէտք է նոր մեթոտներ կիրառեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծելու համար, կը գրէ Tert.am-ը:

Ատրպէյճանական Trend գործակալութեան փոխանցմամբ` այդ մասին Ռիկայի մէջ յայտնած է Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով ԵՄ յանձնակատար Եոհաննէս Հանը:

«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը գոյութիւն ունի բաւական առաջ: ԵՄ-ը կը փորձէ ընել հնարաւորը հակամարտութեան լուծման համար: Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պէտք է նոր մեթոտներ օգտագործեն ատոր լուծման համար: Լաւ օրինակ են Պալքանները, ուր մենք տեսանք միջսահմանային համագործակցութիւն: Գուցէ նման համագործակցութիւն հնարաւոր է նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Այդ նախագիծը առաջին հերթին կարեւոր է
երկիրներու միջեւ վստահութեան կառուցման համար:

Յառաջիկայ տարիներուն մենք մտադիր ենք Հարաւային Կովկասի մէջ զարգացնել միջսահմանային համագործակցութիւնը»,- ըսած է ան:

Scroll Up