Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ընդունած է արժանթինահայ գործարար Էդուարտօ Էռնեկեանը

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ընդունած է արժանթինահայ գործարար Էդուարտօ Էռնեկեանը: ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ` Յովիկ Աբրահամեան բարձր գնահատած է մեր երկրի տնտեսութեան ոլորտէն ներս պարոն Էռնեկեանի գործունէութիւնը եւ յայտնած կառավարութեան աջակցութիւնը` անոր կողմէն շարք մը ծրագրերի իրականացման գործին մէջ:
էդուարդօ Էռնեկեան ընդգծած է, որ պիտի շարունակէ Հայաստանի մէջ ներդրումային ծրագիրներու իրականացումը եւ յոյս յայտնած, որ անոնք կը նպաստեն մեր երկրի տնտեսութեան զարգացման:
Ապա զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի մէջ Էդուարտօ Էռնեկեանի կողմէն իրականացուող ծրագիրներու ընթացքը եւ յառաջիկային նախատեսուող նախագիծերը: