Նախագահը ընդունած է Հայաստանի մէջ Ճաբոնի դեսպան Տիկահիտօ Հարադան

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ճաբոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիկահիտօ Եարադան, որ կ’աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը մեր երկրի մէջ:

Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպան Եարադային` պաշտօնավարման ժամանակահատուածին հայ-ճաբոնական յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած անոր ներդրման եւ արդիւնաւէտ գործունէութեան համար: Սերժ Սարգսեան յատկանշական համարած է, որ Տիկահիտօ Եարադայի դիւանագիտական առաքելութեան իրականացման ընթացքին Հայաստանի մէջ բացուեցաւ Ճաբոնի դեսպանութիւն, 2012թ. կայացաւ ՀՀ Նախագահի այցը Ճաբոն, ինչը նոր խթան հանդիսացաւ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման եւ համագործակցութեան օրակարգի ընդլայնման համար:

Զրուցակիցները գոհունակութեամբ խօսած են նաեւ վերջին շրջանին հայ-ճաբոնական միջխորհրդարանական երկխօսութեան աշխուժացման, մասնաւորապէս` երկու երկիրներու խորհրդարաններու մէջ ձեւաւորուած բարեկամութեան խումբերու գործունէութեան մասին: ՀՀ Նախագահը եւ Ճաբոնի դեսպանը համակարծիք եղած են, որ զարգացող յարաբերութիւնները եւ փոխգործակցութեան ընդլայնուող օրակարգը անհրաժեշտաբար կը յանգեցնեն երկկողմ իրաւապայմանագրային դաշտի կատարելագործման, ինչը, անոնց համոզմամբ, կը խթանէ նաեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ճաբոնի կառավարութեան` մեր երկրի զարգացման ծրագիրներուն աջակցութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրէն ներս փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած համագործակցութեան համար:

Հանդիպման աւարտին Նախագահը յաջողութիւններ մաղթած է դեսպան Եարադային եւ ընդգծած, որ ան կ’աւարտէ պաշտօնավարումը, սակայն, իր համոզմամբ, կը շարունակէ մնալ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի բարեկամը:

Տիկահիտօ Եարադան վստահեցուցած է, որ մեր երկրի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան աւարտէն ետք ալ կ’ընէ հնարաւոր ամէն ինչ՝ աջակցելու Հայաստանի մէջ Ճաբոնի առաջին լիազօր դեսպանին` ի նպաստ հայ-ճաբոնական միջպետական յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման եւ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան խորացման:

Scroll Up