Աշխարհի Լաւագոյն Գինի Ճանչցուած Է Հայկական «Մուսկատ»-ը

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած «Muscats du Monde» («Աշխարհի լաւագոյնՄուսքաթները») միջազգային գինիի մրցոյթին յաղթող  ճանչցուած է «Արմենիա» գինիի գործարանի հայկական «Մուսկատ» գինին: Այս մասին ինչպէս կը գրէ  eurowine.com.ue կայքը, մրցոյթը  այս տարի իրականացուած է 13-րդ անգամ:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` հայկական «Մուսկատ»-ը  ճանչցուած է լաւագոյնը 224 տեսակի գինիներու շարքին: Մրցոյթին մասնակցած են աշխարհի 24 երկիրներէ ժամանած պատուիրակութիւններ: 55 միջազգային փորձագէտներ երկու օր շարունակ համտեսած են ներկայացուած գինիները: Համտեսելէ ետք մասնակիցներուն  յանձնուած է 75 մետալ: Ոսկէ մետալ  շնորհուած է 26 գինիի, իսկ արծաթեայ` 49-ին:
Հայկական «Մուսկատ» գինին յաղթող ճանչցուած է` առաջ անցնելով ֆրանսական, աւստրիական, պրազիլական, փորթուկալական գինիներէն:
«Մուսկատ»-ը վարդագոյն, կիսաքաղցր գինի է` պատրաստուած խաղողի Մուսկատ տեսակէն: Գինին օժտուած է տեսակին բնորոշ իւրայատուկ բուրմունքով ու համով:
Scroll Up