Հայաստանի «Սատար» հաշմանդամներու կոմիտէի պասքեթպոլիստները հիւրընկալուեցան «Արարատ» միութեան մէջ

Մայիս 13-ին Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը ընդունեց Հայաստանի «Սատար» Հ.Կ. պասքեթպոլի հաւաքականի անձնակազմը, որոնք մասնակցած էին Մայիս 11-15 Սպահանի մէջ կայացած Սպահանի քոյր քաղաքներու երկրորդ միջազգային պասքեթպոլի մրցաշարին: Մուտքին մօտ անոնց դիմաւորեցին Կեդրոնական վարչութիւնը եւ Մարզական միաւորի վարչակազմը: Պահը յուզիչ էր եւ տպաւորիչ: Մարզիկները արժանացան նաեւ միութեան բակին մէջ ներկաներու ջերմ ընդունելութեան, որոնք բարեմաղթանքներով ու խմբական երգերով եւ կեցցէ Հայաստան, կեցցէ Արցախ բացականչութիւններով դիմաւորեցին անոնց: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնէ Նոր Ջուղայի Հայ Մ.Մ. «Արարատ» միութեան թղթակից Երանուշ Թահմազեան:
Մարզիկները հիւրընկալներու ուղեկցութեամբ այցելեցին մարզասրահ, ուր կը մարզուէին միութեան պասքեթպոլիստները: Ապա ընթրիքի սեղանի շուրջ ողջոյնի եւ բարի գալստեան խօսք ըսաւ Միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Մասիս Մինասեան: Ան ողջունեց Սպահանի մէջ կայացած միջազգային պասքեթպոլի մրցաշարին անոնց մասնակցութիւնը եւ ներկայութիւնը միութեան յարկին տակ: Այնուհետեւ խօսքը փոխանցեց խումբի ընդհանուր պատասխանատու Յակոբ Աբրահամեանին: Ան, շնորհակալութիւն յայտնելով հիւրընկալութեան եւ Նոր Ջուղայի հայութեան ջերմ վերաբերմունքին համար, իր տպաւորութիւնները կիսեց ներկաներուն հետ եւ բացատրութիւններ փոխանցեց խումբին մասին: Ապա Կեդրոնական վարչութեան քարտուղար Միգանուշ Տէր-Մարտիրոսեան անդրադարձաւ Նոր Ջուղայի ամփոփ պատմականին եւ համայնքին մէջ գործող ազգային կառոյցներուն եւ միութեան ընդհանուր դրուածքին եւ կատարուող աշխատանքներուն:
Ընթացքին եղան արտայայտութիւններ ու երգեր, իսկ ամենայուզիչ եւ գեղեցիկ պահը այն էր, որ խումբ մը երեխաներ մօտեցան հիւրերուն եւ իրենց ուրախութիւնն ու անխառն զգացումները յայտնեցին համակրանքի գեղեցիկ գրութիւններով, որոնք ամենայն ուրախութեամբ ընդունուեցան ներկաներուն կողմէն: Վերջաւորութեան անձնակազմի անդամները ստորագրեցին հաւաքականի մասնակցութեան խորհրդանիշին վրայ եւ որպէս յուշանուէր յանձնեցին Կեդրոնական վարչութեան: Երեկոն աւարտեց խմբական լուսանկարուելով: