Թուրքիոյ Մէջ Ասորի Պատգամաւորը Այցելած Է «Քամփ Արմէն» Հայկական Որբանոցը

Թուրքիոյ քրտական «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» (HDP) կուսակցութեան ասորի պատգամաւոր Էրոլ Տորան այցելած է քանդման տակ գտնուող հայկական «Քամփ Արմէն» որբանոցը:

Ըստ News.am-ի՝ Սթամպուլի հայկական «Ակօս»-ը կը տեղեկացնէ, որ HDP-ի պատգամաւոր Էրոլ Տորան «Քամփ Արմէն» այցի ժամանակ հանդիպած է հայկական «Նոր Զարթօնք» շարժման գործիչներու հետ, որոնք հերթապահութիւն կ՛ընեն մանկատան կիսաքանդ շէնքին մօտ` թոյլ չտալով քանդել զայն:

Այցէն ետք Էրոլ Տորան յայտարարած է, թէ քիչ մը խիղճ ունեցողը նոյնիսկ որբանոցը շտապ ետ կու տար հայերուն: Ան շեշտած է, թէ պէտք է պահանջել ոչ թէ հանրայնացնել «Քամփ Արմէն»-ը, այլ սեփականութեան վկայականը յանձնել հայերուն:

Նշենք, որ Սթամպուլի «Քամփ Արմէն» մանկատունը 1987-ին զաւթուած է թրքական իշխանութիւններու կողմէ, այնուհետ վաճառուած թուրք գործարարի մը: Վերջինս ալ որոշած է քանդել մանկատունը եւ շքեղ տուներ կառուցել: Հասարակական ճնշման արդիւնքով մանկատան քանդումը ժամանակաւորապէս դադրեցուած է:

Յիշեալ մանկատան մէջ մեծացած են նաեւ Հրանդ Տինքը եւ անոր կինը` Ռաքել Տինքը:

Scroll Up