«The Times»-ի թղթակիցը Հայաստան տեսած է իբրեւ արեւելքի եւ արեւմուտքի հանդիպման վայր

Հեղինակաւոր «The Times»-ը ընգրկուն յօդուած հրապարակած է Հայաստանի եւ երկրի տեսարժան վայրերուն մասին:
Հեղինակաւոր «The Times»-ը ընգրկուն յօդուած հրապարակած է Հայաստանի եւ երկրի տեսարժան վայրերու մասին: «Հայաստան: Լեռներ, վանքեր եւ Նոյեան երկրի շող» խորագիրով յօդուածի հեղինակ Փոլ Պլումֆիլտը ճամփորդութիւն կատարած է մեր երկրով եւ տեսած Հայաստանի տեսարժան վայրերը, ծանօթացած լեռներուն եւ
վանքերուն: «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` յօդուածագիրը իր նիւթը սկսած է Արարատ լերան նկարագրութեամբ եւ նշած, որ «Արարատը աշխարհի ամենակատարեալ լեռներէն մէկուն տիտղոսը կրնայ ստանձնել»: «The Times»-ը կը գրէ, որ լեռնագագաթը միակ գրաւիչ բանը չէ: Յօդուածագիրը այնուհետեւ անդրադարձ կը կատարէ Խոր Վիրապի վանքին, նշելով, որ այն Հայաստանի «Ամենապատմական եւ գեղատեսիլ յուշարձանն է: Կը նշուի նաեւ, որ Գրիգոր Լուսաւորիչը 13 տարի բանտարկուած եղած է այս տարածքին մէջ: «The Times»-ը կ’ընդգծէ, որ Երեւան հիմնադրուած է Ք.Ա. 782 թուականին եւ աւելի հին է, քան Հռոմը: Հեղինակը կ’ըսէ, որ Հայաստան եղած է Նոյի առաջին սերունդներու բնակավայրը:
Յօդուածագիրը նաեւ կ’ընդգծէ, որ Տաթեւի մէջ կը գտնուի ամենաերկար ճոպանուղին, ինչպէս նաեւ կը պատմէ հայկական խաչքարերու եւ երկրի ամենամեծ լիճի` Սեւանի մասին: Բացի այդ, Փոլ Պլումֆիլտը կ’աւելցնէ, որ Խոր Վիրապի կողմէ Արարատը տպաւորիչ տեսք ունի:
«Հայաստան այնտեղ է, ուր արեւելքը կը հանդիպի արեւմուտքին»,- կը նշէ «The Times»-ը: Այն նաեւ անդրադարձած է հայկական սննդատեսակներուն` լաւաշին, ծիրանին:
Յօդուածագիրը այցելած է նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, եղած Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նստավայրին մէջ:
Ներկայացնելով Երեւանը` հեղինակը կ’ընդգծէ, որ լայն, սրճարաններով հարուստ ճեմուղիները, թանգարանները եւ կեանքի միջերկրածովեան եղանակը իտէալական են ամենօրեայ զբօսանքի համար: «Ես կանգ առի հիանալու
անթիւ-անհամար յուշարձաններով, այնուհետեւ ուսումնասիրեցի Վերնիսաժի հնութիւնները, բացայայտեցի շարք մը թաքնուած գանձեր, նայեցայ ձեռագործ փորագրութիւնները, գորգերն ու զարդարուած ծիրանափողերը»,- կը գրէ հեղինակը: Ան կ’անդրադառնայ քաղաքի բլուրներէն մէկուն վրայ գտնուող Հայոց
ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին` նշելով, որ այդտեղ զգացումներու իսկական բախում տեղի կ’ունենայ: Պլումֆիելտը յաջորդաբար այցելած է Խոր Վիրապ, Նորավանք, Քարահունջ, Տաթեւի վանք եւ Խնձորեսկ: Ան կը նշէ, որ Վայոց ձորին մէջ յայտնաբերուած կօշիկը կը թուագրուի Ք.Ա. 3500 թուականով, որ կ’ապացուցէ, որ հայերը աշխարհի հնագոյն ժողովուրդներէն են:
Հասնելով Արցախ` հեղինակը կը նշէ. «Հենց այստեղէն ալ կը սկսի իսկական շփոթմունքը: Անցակէտին կարճ ժամանակ սպասելէ յետոյ յայտնուեցանք դրօշի մը տակ, որ գրեթէ, բայց ոչ ամբողջովին նոյնն էր, ինչ Հայաստանինը, յայտնուեցանք երկրի մը մէջ, որ գրեթէ, բայց ոչ ամբողջութեամբ Հայաստան էր»: Ան կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս 1921 թուականին ԼՂ-ը բռնի կցուած է Ատրպէյճանին, իսկ ԽՍՀՄ փլուզումէն յետոյ ատրպէյճանական ուժերու եւ հայ բնակչութեան միջեւ տեղի ունեցած պատերազմի արդիւնքով հայկական կողմի
յաղթանակի եւ 1994 թուականին կնքուած զինադադարի համաձայնագիրի շնորհիւ ներկայիս Ղարաբաղը Տէ-ֆակտօ անկախ պետութիւն է: «Այն ունի ընտրուած կառավարութիւն, կը զբաղի վիզայի հարցերով, այն ունի իր դրօշը, թէպէտ ճանչցուած չէ այլ երկիրներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կողմէ: Թէպէտ երկրի անուանումը ռուսերէնի եւ թրքերէնի խառնուրդ է, սակայն բնակիչները այն կ’անուանեն Արցախ»,- նշած է Պլումֆիելտը: