«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տեղական մարմիններու անդամները կը հիւրընկալուին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ

Մայիս 19-ին, ժամը 14:30-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ կը հիւրընկալուին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տեղական մարմիններու  անդամները (հասցէ` «Էրեբունի պլազա» բիզնես կեդրոն, 5-րդ յարկ, 503 սենեակ):

Ողջոյնի խօսքով հանդէս կու գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Կը ներկայացուի «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի  ձեռնարկները եւ գործընթացներու շարունակականութիւնը» տեսաշարը:

Ելոյթ կ’ունենան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տեղական մարմիններու   անդամները:

Հիմնադրամի աշխատանքներուն աշխոյժ մասնակցութիւն եւ մեծ ներդրում ունին անոր 25 տեղական մարմինները, որոնք ներկայիս կը գործեն աշխարհի 22 երկրի մէջ: Տեղական մարմինները սերտօրէն կը համագործակցին իրենց երկիրներու հայ համայնքի եկեղեցական, հասարակական եւ բարեգործական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ ճանչցուած բարերարներու եւ գործիչներու հետ:

Մայիս 27-ին տեղի կ’ունենայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 24-րդ նիստը:

 

Scroll Up