Ամփոփուած Են Արուեստի Եռօրեայ Ակադեմիոյ Արդիւնքները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/07/05.09.11-114Նարեկացի-կենտրոն.jpg)
Նարեկացի արուեստի միութեան մէջ տեղի ունեցած է համերգ-ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած են այս շաբաթ Ծաղկաձորի մէջ կայացած արուեստի եռօրեայ ակադեմիոյ ընթացքին ստեղծուած աշխատանքները: Ակադեմիոյ մրցոյթին մասնակցած են 16-25 տարեկան արուեստագէտներ, որոնք ընտրուած են մրցութային կարգով (իւրաքանչիւր ոլորտէն 5 երիտասարդ): Ստեղծուած գործերը աւարտուն տեսքի բերուածեն դասախօսներու օգնութեամբ: Դասախօսները եւս երիտասարդ արուեստագէտներ են:
Գրականութեան մասը ղեկավարած է արձակագիր Արամ Պաչեան(Երեւան), կազմը` երգահան Արամ Յովհաննիսեան(Ժընեւ), իսկ կերպարուեստը նկարիչ Լեւոն Ֆլջեան(Գիւմրի): Երեկոյի ընթացքին գործերըներկայացուած են անանուն եւ հանդիստատեսը փակ քուէարկութեամբ ընտրած է իւրաքանչիւր ոլորտէն մէկական ստեղծագործութիւն, որոնք արժանցած են վկայականներու: Հանդիստատեսը ընտրած է արձակագիր Նորայր Սարգսեանի «Անէծք» պատմուածքը, երգահան Յովիկ Սարդարեանի «8 ֆրագմենտներ» ստեղծագործութիւնը եւ նկարչուհի Արաքսեայ Ասատրեանի աշխատանքը:
Նշենք, որ Ակադեմիային 23 երիտասարդ արուեստագէտ մասնակցած է: Այն կազմակերպած էր «Մշակութային հասարակութիւն» ՀԿ-ն`Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարարութեան աջակցութեամբ: