Հալէպի Մէջ Վերջին Շրջանին Իրավիճակը Հանգիստ Է

Հայաշատ Հալէպի մէջ արդէն մէկ շաբաթէ աւելի իրավիճակը հանգիստ է, թէեւ անկայունութիւնը կը շարունակուի:

Այս մասին «Արմէնփրես»­ն յայտնած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեանը` աւելցնելով, որ հայաշատ թաղամասերուն մէջ միջադէպեր չեն արձանագրուած: «Փխրուն կայունութիւն է, մաղթենք, որ իրավիճակը չբարդանայ»,-­ նշած է Ռեյիսեան:

Ինչ կը վերաբերի ելեկտրականութեան, Ռէյիսեանը նշած է, որ ան օրուան ընթացքին մէկ­երկու ժամ կու գայ, մնացած ժամերուն քաղաքը խաւարի մէջ է: Իսկ համացանց ընդհանրապէս չի գործեր քաղաքին մէջ:

Հալէպ քաղաքը 2012-ի ամառուընէ ի վեր յայտնուած է կառավարական ուժերու եւ զինուած խմբաւորումներու, որոնց շարքին` «Ժապհատ ալ Նուսրա» եւ այլ իսլամական, ինչպէս նաեւ արեւմուտքէն աջակցութիւն ստացող ընդդիմադիր խմբաւորումներու բախումներու թիրախին:

Բախումները այնտեղ մինչեւ այսօր կը շարունակուին: Քաղաքի արեւմտեան թաղամասերը կը գտնուին կառավարական ուժերու, իսկ արեւելեան թաղամասերը` զինուած խմբաւորումներու հսկողութեան տակ:

Scroll Up