Հայ Դատը Նեցուկ Կը Կանգնի Քերոլայն Ռեմզիին

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած է նեցուկ կանգնիլ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց (4րդ ընտրատարածք) իր թեկնածութիւնը դրած Քերոլայն Ռեմզիին։
Թեկնածուներուն ցարդ առած քայլերը քննելէ եւ անոնց հետ հանդիպումներ ունենալէ ետք տրուած այս որոշումին մասին արտայայտուելով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան կը յայտնէ, թէ Ռեմզի շրջանի հայութեան շահերուն ամենայարմար թեկնածուն նկատուած է, կոչ ընելով անոր ի նպաստ քուէարկել Մայիս 19ին կայանալիք ընտրութեան ընթացքին։
Քերոլայն Ռեմզի ողջունած է իր ընտրապայքարին զօրակցելու Հայ Դատի յանձնախումբի որոշումը, խոստանալով, ընտրուելու պարագային, իր անձնակազմին մէջ ներառնել հայ պաշտօնեաներ, շրջանի հայ համայնքին հետ կապերը ամրապնդելու նպատակով։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.hyevotes.org կայքը, կամ դիմել (818) 806-8683 եւ (818) 500-1918 թիւերուն ու info@ancawr.org հասցէին։
ԱՅս մասին յայտնած է Ազդակ: