Աշնան Գիւմրին Պիտի Տօնէ Ճազային Երկու Յոբելեան

Գիւմրիի մէջ նոյեմբերին կը նախատեսուի տօնել հայկական ճազի 75 եւ«Ճազը եւ Գիւմրին» նախագիծի հիմնադրման մէկ ամեակը: «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նախագիծի հիմնադիր Մկրտիչ Մանուկեանը նշեց, որ կայանալիք համերգին պիտի մասնակցին  նախագիծի բոլոր վեց համերգներու երաժիշտները:

«Ճազը եւ Գիւմրին» նախագիծի ծիրէն ներս յուլիս 13-ին Գիւմրիի«Հոկտեմբեր» կինոթատրոնի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ  «ՄիքայէլՈսկանեան եւ ընկերներ» էթնօ ճազ խումբի համերգը, որ նախագիծի ծիրէններս արդէն վեցերորդն է:
«Խումբի հիմնադիր Միքայէլի եութուպեան էջում ուսումնասիրեցի նրանց աշխատանքները եւ շատ հաւանեցի, այդ պատճառով որոշեցինք հէնցնրանց հրաւիրել Գիւմրի»,- ըսաւ Մանուկեան: Անոր խօսքով` կարեւոր էնաեւ այն, որ խումբը պիտի կատարէ հայկական ստեղծագործութիւններ,ինչ որ, անկասկած, հարազատ կ’ըլլայ ունկնդիրներուն համար:
Մանուկեանի գնահատմամբ` «Ճազը եւ Գիւմրին» նախագիծը արդէն ունիիր ձեւաւորուած հանդիսատեսը, որ մեծ ոգեւորութեամբ կը  սպասէ իւրաքանչիւր համերգի: Այս օրերուն Գիւմրիի մէջ կ’ընթանան նաեւբազմաթիւ մշակութային ձեռնարկներ  «Դուէտ» եւ «Ոսկէ ծիրան» փառատօներու ծիրէն ներս:
Նախագիծի 7-րդ համերգը բացառուած չէ, որ ըլլայ երգիչ, երաժիշտ Արամոյի մասնակցութեամբ: «Միքայէլ Ոսկանեան եւ ընկերներ» խումբը հիմնադրուած է թառահար Միքայէլ Ոսկանեանի կողմէ: Խումբի նպատակնէ աւելի ժամանակակից կերպով ներկայացնել թառի երաժշտութիւնը:
Ան 100-է աւելի երգերու եւ շուրջ 70 գործիքային ստեղծագործութիւններու հեղինակ է: «Ճազը եւ Գիւմրին» նախագիծը նոյեմբերին պիտի տօնէ իր հիմնադրման մէկ ամեակը: Այն կ’իրականացնեն Manukyan Production-ը եւԳիւմրիի Ճազ ակումբը «Գիւմրին ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաք»ծրագիրի ծիրէն ներս Գիւմրիի քաղաքապետարանի հետ համատեղ:
Գիւմրիի «Հոկտեմբեր» կինոթատրոնին մէջ մայիս 29-ին տեղի ունեցած է Con Alma խումբի համերգը: Նախագիծի նպատակն է Գիւմրիի մէջերաժշտասէրներուն ներկայացնել հայ եւ արեւմտեան ճազ երաժիշտներուարուեստը:
«Արմէնփրէս»ի  լրատուական գործակալութիւնը «Ճազը եւԳիւմրին» նախագիծի տեղեկատուութեան հովանաւորներէն է:
Scroll Up