Հայաստանի Հացահատիկի Ծաւալը Այս Տարի 45-46 Հազար Թոնով Կը Գերազանցէ Նախորդ Տարուան Ցուցանիշը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/07/31.07.12-301311-2721Ցորեն.jpg)
Հայաստանի մէջ ցորենի եւ հացահատիկային այլ մշակաբոյսերու արտադրութեան ծաւալը այս տարի 45-46 հազար թոնովկը գերազանցէ անցեալ տարուան մակարդակը: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՀԳիւղատնտեսութեան փոխնախարար Սամուէլ Գալստեանը: Անոր խօսքով` այդ առաջին հերթին պայմանաւորուած էցանքատարածութիւններու աւելցմամբ: «Այս տարի հացահատիկային մշակաբոյսերի գծով ցանքատարածութիւններընախորդ տարուայ համեմատ աւելի են 9-10 հազար հետկարով` 172 հազար հեկտարի փոխարէն ունենք 181-182 հազար հացանքատարածութիւն: Անցեալ տարուայ 456,1 հազար տոննա հացահատիկի եւ հատիկաընդեղէնի փոխարէն այս տարինախատեսւում է 500 հազար տոննայի սահմաններում համախառն բերք»,- ըսած է Գալստեան: Անոր խօսքով` անցեալտարուան համեմատութեամբ մէկ միաւոր հարիւրակալի հաշուով այս տարի կ’ակնկալուի 2-3 գանթար աւելի հացահատիկ:
Փոխնախարարը նշած է, որ տարին բարեյաջող է հացահատիկային մշակաբոյսերու համար եւ բերքահաւաքէն ետքհնարաւոր կ’ըլլայ խօսիլ բաւական լաւ արդիւնքի մասին: Փոխնախարարի խօսքով` հացահատիկի աւելի բերքը, սակայն,չենթադրեր գիներու նուազում: «Ցորենի տարեկան ծաւալները բաւարար չեն բնակչութեան պահանջները ամբողջութեամբհոգալուն: Տարեկան Հայաստան է ներկրւում 220-300 հազար տոննա ցորեն: Մեր նպատակն է ցորենի արտադրութիւնըբարձրացնել 340-350 հազար տոննա համախառն բերքի, որը 60-70 տոկոսով կը լուծի պարէնային հարցը: Սակայն ցորենիմասով ինքնաբաւ պետութիւն դառնալու համար բալանսային հաշուեկշռով մեզ անհրաժեշտ է մօտաւորապէս 700 հազարտոննա ցորեն»,-ըսած է Գալստեան: Փոխնախարարի համոզմամբ` մենք դեռ պատրաստ չենք նման ծաւալներուարտադրութեան:
Խօսելով ցորենի մթերման գիներէն` Գալստեան նշեց, որ մթերող կազմակերպութիւններու կողմէ բունկերային քաշով մէկքիլոկրամը մթերուած է 150 դրամով, իսկ անցեալ տարի ցորենի մթերումը կազմակերպուած է 130-140 դրամով:
Հանրապետութեան ցածրադիր գօտիներու մէջ արդէն մեկնարկած է ցորենի բերքահաւաքը: 2011 թուականին Հայաստանիմէջ արտադրուած է 168 հազար թոն ցորեն, 2012 թուականին` 243 հազար թոն: