Ազգային բարերար եւ հասարակական գործիչ Ռուբէն Վարդանեան այցելած է Վիրահայոց թեմ

Եւրոպայի վերակառուցման եւ զարգացման դրամատան ( EBRD) ամենամեայ հանդիպումներու եւ գործարար ժողովներու ծիրէն ներս, 2015 թուականի Մայիս 13-15 Վրաստանի մէջ կը գտնուէր ազգային բարերար եւ հասարակական գործիչ, «Աիդեա» հիմնադրամի ղեկավար տիար Ռուբէն Վարդանեան: Այս մասին կը յայտնեն Հայ եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմէն:

Պարոն Վարդանեան Մայիս 13-ին համաժողովէն ներս հանդէս եկաւ դասախօսութեամբ, որ մասնակիցներուն կողմէ ընդունուեցաւ մեծ հետաքրքրութեամբ:

Թիֆլիս այցելութեան ծիրէն ներս Ռուբէն Վարդանեան, իբրեւ Թիֆլիսի առաջնորդանիստ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, հանդիպեցաւ Թիֆլիսի քաղաքապետ պարոն Դաւիթ Նարմանիայի հետ, ուր քննարկուեցան Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ Հոկտեմբեր ամսուն նախատեսուող վերաբացման հետ կապուած կազմակերպչական հարցերը: Զրոյցին ընթացքին քաղաքապետ Նարմանիան արտայայտեց իր աջակցութիւնը եկեղեցւոյ վերաբացման առիթով  նախատեսուող ծրագիրներուն:

Յաջորդ օրը, Մայիս 14-ին, Վիրահայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ հայազգի գործիչին ընդունեց առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան, որ յանուն թիֆլիսահայ հաւատացեալներուն եւ հոգեւոր դասին շնորհակալութիւն յայտնեց հոգաբարձուներուն եւ անձամբ Ռուբէն Վարդանեանին` վիրահայութեան
հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին աջակցութեան եւ պատմական-մշակութային կոթողներու նկատմամբ ցուցաբերած հոգատարութեան համար:

Սրբազան Հայրը Ռուբէն Վարդանեանին հետ միասին քննարկեց համայնքի հոգեւոր, մշակութային եւ կրթական յետագայ ծրագիրները: Ռուբէն Վարդանեան հանդիպեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ շինարարներուն, վերականգնողներուն, ինչպէս նաեւ նախագիծի հեղինակներուն եւ աշխատակիցներուն: Ան գնահատանքի խօսքեր ուղղեց կատարուած աշխատանքներուն եւ տուաւ իր բարձր գնահատականը եկեղեցւոյ վերանորոգման
գործընթացին:

Նոյն օրը Վիրահայոց թեմի առաջնորդի ընկերակցութեամբ, Ռուբէն Վարդանեան հանդիպեցաւ Վրաստանի կրօնի հարցերով պետական գործակալութեան նախագահ պարոն Զազա Վաշախմաձէին: Պետական գործիչին հետ հանդիպման ժամանակ կողմերը քննարկեցին Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ վերանորոգչական աշխատանքներուն եւ
եկեղեցւոյ վերաբերող այլ հարցեր: Գործակալութեան նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնեց մասնակցելու եկեղեցւոյ հանդիսաւոր բացման նախապատրաստութեան: Զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան նաեւ տաճարի մերձակայ տարածքի ու բակի բարեկարգման հիմնական  հարցերը:

Պարոն Զազա Վաշախմաձէն ջերմօրէն ընդունելով հայազգի գործիչը, պատրաստակամութիւն յայտնեց Թիֆլիսի քաղաքապետարանի, Վրաստանի տնտեսութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւններու հետ միասին, մասնակցած բոլոր այն հարցերու քննարկման եւ կարգաւորման, որոնք Հայոց Եկեղեցւոյ ներկայացուցչութիւնը կ’առաջադրէ գործակալութեան:

Scroll Up