Չարենցի դիմանկարը նուիրեց թանգարանին

ԱՄՆ-ի մէջ ապրող ճանչցուած մեր հայրենակիցը` նկարիչ Ալեքսանդր Սադոյեան, իր` Եղիշէ Չարենցի դիմանկար ստեղծագործութիւնը ուղարկած էր բանաստեղծի տուն-թանգարան: Այս մասին կը գրէ “Առաւօտ” օրաթերթը:
Տուն-թանգարանի աշխատակիցները` Լիլիկ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, գեղեցիկ անակնկալի մասնակիցը դարձան: Դիմանկարը տեղադրուեցաւ թանգարանի երրորդ յարկը: Լիլիկ Յակոբեանն ու թանգարանի մէջ աշխատող Չարենցի շառաւիղներէն` տիկին Գոհարը իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին նկարիչին` Չարենցի տուն-թանգարանի եւ ընտանիքի անունով: 1996-էն Լոս Անճելես բնակող հայ նկարիչի յայտնի գործերէն են Փարաջանովի, Մհեր Մկրտչեանի, Արշիլ Գորկիի, Ազնաւուրի, Սարոյեանի դիմանկարները: Իր խօսքերով` Չարենցի նման հանճարեղ երեւոյթը պատկերելը իր երազանքն էր, իր խոնարհումն էր` անոր պայծառ յիշատակին:
Ի դէպ, Հայաստանի նկարիչներու միութեան անդամ Ալեքսանդր Սադոյեանը 1995թ.-ից ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Արուեստի միջազգային ընկերակցութեան անդամ է: Ան հեղինակ է ռէալիստական եւ աբստրակտ գործերու: Մասնակցած է շարք մը ցուցահանդէսներու` ԱՄՆ-ի, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Սպանիոյ, Կորէայի, Ճաբոնի, Պրազիլի մէջ: Ունեցած է շարք մը անհատական ցուցահանդէսներ: 2008-ին ամերիկեան “Քենետի” հրատարակչութիւնը զինք ճանչցած է “Լաւագոյն նկարիչ”: