Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը Կը Շարունակէ Զօրակցիլ Սուրիահայութեան
Սուրիահայութեան ծանր կացութիւնը կը շարունակէ մնալ Մայր Աթոռի եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ուշադրութեան կեդրոնին: Այս առնչութեամբ Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ քահանայ Մելիքեանը տեղեկացուցած է, որ հակամարտութեան առաջին իսկ օրերէն Գարեգին Բ-ի կողմէ կոչ ուղղուած է համայն հայութեան Հայ Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ թեմերու միջոցով զօրակցելու Սուրիոյ մէջ տառապող մերքոյրերուն ու եղբայրներուն:
Տէր Վահրամը աւելցուցած է նաեւ, որ պարբերաբար Մայր Աթոռը թեմերէնստացած գումարները կը փոխանցէ Դամասկոսի հայոց թեմին` համայնքիզօրակցութեան համար: Ան նշած է, որ հերթական անգամ` օրեր առաջթեմերէն հաւաքուած 200 հազար ԱՄՆ տոլար գումար Մայր Աթոռըուղարկած է սուրիահայութեան կարիքները հոգալու համար:
News.am