Հայ Թեկնածուն Սթամպուլի Հայկական Որբանոցի Հարցով Խոստումներ Ստացած Է Տաւութօղլուէն
Սթամպուլի Թուզլա թաղամասին մէջ գտնուող հայկական «Արմէն» որբանոցի հարցը իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (ԱԶԿ) կողմէ առաջադրուած հայազգի թեկնածու Մարգար Եսայեանը քննարկած է վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի հետ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, այս մասին Եսայեանը յայտնած է «Ակօս» պարբերականին:
«Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը խնդրին լուծում գտնելու նպատակով աշխատանքներ կը տանի: Երէկ երեկոյ ԱԶԿ կազմակերպած ընթրիքի ժամանակ խնդրի վերաբերեալ խօսեցայ Տաւութօղլուի հետ, որ ըսաւ, թէ անձամբ պիտի հետեւի խնդրին: Սեղանի շուրջ կային նաեւ շրջակայքի եւ քաղաքաշինութեան նախարար Իտրիս Կիւլուճէն, Սթամպուլի քաղաքապետ Քատիր Թօփպաշը: Խնդիրը խմբակային քննարկուեցաւ: Վարչապետ Տաւութօղլուն համապատասխան յանձնարարական տուաւ Սթամպուլի քաղաքապետին: Որբանոցի ներկայ տէրերուն հետ բանակցութիւններ պիտի տարուին, բանաձեւ մը պիտի որոշուի խնդրի հետ կապուած: Եթէ անհրաժեշտ ըլլայ տարածքին արժէքը պիտի վճարուի կամ սեփականութեան օտարման սկզբունքով որեւէ լուծում պիտի գտնուի»,- նշած է Եսայեան` ընդգծելով, որ «Արմէն» որբանոցը քանդելը այլեւս անհնար է:
Խորհրդարանական ընտրութիւններուն իշխանական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածուն կարծիք յայտնած է, որ խնդրի լուծման համար անհրաժեշտ է քաղաքական կամք, եւ այդ պարունակին մէջ կարեւոր է վարչապետին տուած յանձնարարականը:
Կետիք փաշայի հայկական որբանոցին կից «Արմէն» ամառնային որբանոցը կառուցուած է հայ որբերու աշխատանքով: Ճամբարին մէջ բնակող երեխաները մասնակցած են շինարարական աշխատանքներուն: Անոնք աւազ կրած են ծովէն, որմով ալ կառուցուած է զայն: «Արմէն» որբանոցը թրքական պետութեան որոշումով փակուած է 1983 թուականին: Իշխանութիւնները երբեք թոյլ չեն տուած որբանոցի վերանորոգումը, որուն պատճառով անիկա կը գտնուի անմխիթար վիճակի մէջ:
Թուրքիոյ մէջ 2011թուականին օրէնք ընդունուած է ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող հիմնադրամներու` 79տարի բռնագրաւուած անշարժ գոյքը վերադաձնելու մասին, սակայն, Կետիքփաշայի հայկական որբանոցին կից այդ ամառնային որբանոցը չէ ընդգրկուած օրէնքով վերադարձման ենթակագոյքի ցուցակին մէջ: 5.552 հազար քմ տարածք ունեցող որբանոցը 1961 թուականին գնած է Հայ բողոքական եկեղեցւոյ հիմնադրամը: Մանկատան հողատարածքի սեփականատէր Սէիթ Տուրմազի երեխաներէն մէկը յետագային յաջողած է որբանոցէն 600 քմ տարածք գնել: 1974 թուականին այդ տարածքը գնած կապալառուի կողմէ բացուած դատական գործընթացի արդիւնքով ան կրցած է զարտուղի ճանապարհով ճամբարի տարածքը կցել իր կողմէ գնուած 600 քմ.-ին: 1977 թուականին փոքրամասնութիւններու հիմնադրամներու մասին ընդունուած նոր օրէնքով հայ որբերուն ճամբարը բռնագրաւուած է:
Սթամպուլի մէջ Մայիս 6-ին յատուկ մեքենաները սկսած են քանդել հայ որբերու «Արմէն ամառնային որբանոցը՝ տեղը շքեղ առանձնատուներ կառուցելու նպատակով: Ատոր դէմը դնելու նպատակով Թուրքիոյ մէջ գործունէութիւն ծաւալող շարք մը կազմակերպութիւններ եւ պարզապէս անհատներ շտապած են այնտեղ` կասեցնելու որբանոցի շէնքին կործանումը: Այժմ որբանոցի շէնքին քանդումը մասամբ դադրեցուած է: Շինութեան վրայ տարբեր պաստառներ փակցուած են եւ գրութիւններ գրուած: «Արմէն» ճամբարի տարածքին մշտական մարդկային հերթապահութիւն կը կատարուի: