Հրանոյշ Յակոբեանը Ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Աւստրալիոյ Մասնաճիւղի Ատենապետ Հայկ Լեփեճեանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/07/tx3q5IquOQJe7Z9agQ4HihfDVi.jpg)
Յուլիս 10-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) Աւստրալիոյ մասնաճիւղի ատենապետ, «Սփիւռք-Հայրենիք» համագաղութային մարմինի անդամ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Աւստրալիոյ մասնաճիւղի անդամ Հայկ Լեփեճեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայապահպանութեան, համայնքին առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ հայ համայնքի կրթամշակութային հիմնախնդիրներու լուծման աջակցութեան 2013-2014թթ. ծրագիրի իրականացման հետ կապուած խնդիրները: Երկուստեք կարեւոր համարեցին ծրագիրի ծիրէն ներս նախատեսուած` Աւստրալիոյ հայ համայնքի հայկական կրթօճախներու ուսուցիչներու վերապատրաստման կազմակերպումը: