Հաստատուած է Արցախի մէջ «Թութի փառատօն»-ի կազմակերպման օրը

Ընթացիկ տարուան Յունիս 27-ին, ԼՂՀ ԿԱՅ Զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան եւ «Արէնի փառատօն» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ` Ամարաս վանքի յարակից տարածքին մէջ առաջին անգամ կը կազմակերպուի Թութի փառատօն:
Արցախի 7 շրջաններէն ու Հայաստանէն կազմուած տաղաւարներուն մէջ կը ներկայացուին թութէն ստացուած բարիքները` թութի օղին, ռուպը, չամիչը, մուրապան: ԼՂՀ ԿԱ զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ` փառատօնին կը ցուցադրուին արցախեան թութի օղիի եւ ռուպի պատրաստման աւանդական եղանակները, թութի օղիի թորման մշակոյթը եւ այլն:
Մշակութային ծրագիրը եւս կը խոստանայ առատ ու հետաքրքիր ըլլալ: Փառատօնի ընթացքին պիտի հնչէ հայկական աւանդական եւ ժամանակակից երգ ու երաժշտութիւն:
Արուեստի անկիւնին մէջ այցելուները կը ծանօթանան արցախցի տաղանդաւոր նկարիչներու, վարպետներու, կաւագործներու աշխատանքներուն հետ: Փառատօնին կը ներկայացուի նաեւ մետաքսագործութիւնը եւ մետաքսի մշակման արուեստը: Փառատօնի կազմակերպման առաջնահերթ նպատակներէն են` տարածաշրջանին մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման խթանումը, տեղական արտադրութեան զարգացումը, արցախեան խոհանոցի հանրահռչակումը, ինչպէս նաեւ համայնքներու մշակութային կեանքի աշխուժացումը: Թութը եւ անկէ ստացուած բարիքները մեծ նշանակութիւն ունին արցախցիներուն համար. Անոր վկայութիւնը հէնց թթենիներու բազմաթիւ այգիներու առկայութիւնն է ամբողջ Արցախի մէջ:
Փառատօնի կազմակերպիչները կը փորձեն հնարաւորինս օգտագործել արցախցիներու համար կարեւոր այդ բնութեան բարիքի խորհուրդը ամբողջ փառատօնի ընթացքին : Պիտի կազմակերպուին աւանդական խաղեր, թթենիներու թափ տալու մրցոյթներ, հիւրասիրութիւն եւ բազմաթիւ այլ ժամանցային ձեռնարկներ: