Հայկական Զինուած ուժերը ամէն ինչ կ’ընեն հակամարտութեան խաղաղ լուծման համար. Սէյրան Օհանեան

ՀՀ ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, ԶՈւ ողջ հրամանատարական կազմը ամէն ինչ կ’ընեն հակառակորդին հետ խելացի «յարաբերութիւններու» ձեւաւորման, խելացի պաշտպանութեան իրականացման եւ հրադադարի ապահովման համար:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուած զինադադարի 21-ամեակի առնչութեամբ նման տեսակէտ յայտնեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Նոյեմբերեանի զօրամասերէն մէկուն մէջ կայացած ասուլիսի ժամանակ: «Այսօր էլ ամէն ինչ անում ենք, որ հակամարտութեան խնդիրը լուծուի խաղաղ ճանապարհով: Հետեւողականօրէն գնում ենք դրան: Եթէ չի ստացւում, ապա պէտք է  հարցնել հարեւաններին: Մենք անում ենք ամէն ինչ, որ յարաբերութիւնները չսրուեն եւ հարցերը լուծուեն փոխըմբռնման եւ մեր շահերի գերակայման պայմաններում»,- ըսաւ Սէյրան Օհանեան` աւելցնելով, որ այս տարիներուն ընթացքին հրադադարի կարգը լիարժէք կերպով չէ պահպանուած: Նախարարը շեշտեց, որ պարբերաբար  կրակոցներ, դիրքերու առաջ տալու ժամանակներ,  ներթափանցման հետախուզական գործողութիւններ  եղած են: Այս առումով Օհանեան շեշտեց, որ նախորդ տարի ներթափանցման գործողութիւններու լարուածութիւնը հասած է
գագաթնակէտին:

Նախարար Օհանեան Մայիս 12-ին աշխատանքային այց  կատարած է Տաւուշի մարզ,եղած է առաջնագիծին վրայ:

Scroll Up