Թուրք պատմաբան. հայերը զօրաւոր են եւ անպայման պիտի հասնին արդարութեան
Barev Today-ը խօսած է թուրք պատմաբան եւ լրագրող Այշէ Հիւրի հետ, որ կը կարծէ, որ հայերն ու թուրքերը պիտի կարենայ խաղաղ ապրիլ Թուրքիոյ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք: Հիւրը գրած է “այլ պատմութիւն” գիրքը, որուն մէջ արդրադարձած է նաեւ 1915-ի իրադարձութիւններուն:
Բոլորովին վերջերս աշխարհի հայերը յիշատակած են իրենց պատմութեան ողբերգական իրադարձութիւններէն մէկը` հայոց ցեղասպանութեան 100-րդտարելիցը: յիշատակման արարողութիւնները ամենուր էին, նաեւ`Թուրքիոյ մէջ: ինչպիսին է իրավիճակը 2015 թուականի Ապրիլ 24-էն ե՞տք:
Այն մասին, որ հայ ժողովուրդը 1915 թուականին ենթարկուած էր սպանութիւններու եւ տեղահանումներու, կը խօսին ոչ միայն Հայաստանի մէջ եւ ոչ միայն հայերը: Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ վերաբերումը նոյնպէս փոխուած է, յատկապէս վերջին 15-20 տարիներու ընթացքին: Պատմաբանները մեծ կարեւորութիւն կու տան այդ հարցին, եւ այժմ մենք կը փորձենք ուսումնասիրել զայն ոչ թէ թրքական տեսանկիւնէն, այլեւ անկողմնակալ մասնագէտներու, որպէսզի հասկնանք` ինչ տեղի ունացած էր մէկ դար առաջ: Այնուամենայնիւ, Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հերքման ամբողջական քաղաքականութիւն չկայ: Պաշտօնական մակարդակով ան, բնականաբար, պահպանուած է, սակայն ժողովուրդի եւ հասարակութեան մէջ իրավիճակը այլ է:
Անիկա կրնայ յանգեցնել մօտ ժամանակներուն թուրքիո՞յ` հայոց ցեղասպանութեան ճանաչմանը:
Ո՛չ: Թուրք հասարակութեան ժամանակ պէտք է, շատ ժամանակ, որպէսզի քաջութիւն ունենայ ընդունելու այդ փաստը: Բացառուած չէ, որ օր մը Թուրքիան կ’ընէ այդ մէկը, սակայն անիկա կ’ըլլայ այլ Թուրքիա` այլ առաջնութիւններով եւ այլ արժէքներով:
Հայերը շատ զօրաւոր են: Անոնք սարսափներու մէջէն անցած են, սակայն մնացած են զօրաւոր եւ շարունակեն պայքարիլ: Կու գայ օր մը, երբ անոնք կը հասնին արդարութեան իրենց, իրենց նախնիներու եւ ապագայ սերունդներու համար:
Թուրքիոյ մէջ հայեր շատ կան: Ինչպիսին են անոնց յարաբերութիւնները թուրքերու հե՞տ` նկատի առնելով երկու ազգերու միջեւ թշնամական յարաբերութիւնները:
Թուրքիոյ մէջ հայերը իսկապէս շատ են: Միշտ ալ այդպէս էր: Մենք դարաւոր հարեւաններ էինք, եւ անիկա կը շարունակուի առ այսօր: Թշնամութիւնը չի կրնար յարատեւ ըլլալ: Օր մը մենք պէտք է բանանք սահմանները եւ խաղաղութեամբ ապրինք: Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերը քիչ մը այլ կերպ կը նային այդ հարցերուն: Անոնք ամենաշատը խաղաղութիւն կը ցանկան: Եւ անիկա արդարացուած է: Անոնցմէ շատերը նոյն Թուրքիոյ մէջ ծնած են, զիրենք կլանած է այդ մշակոյթը, սակայն անոնք միաժամանակ հաւատարիմ են իրենց ազգին ու կրօնին: Հայերու եւ թուրքերու միջեւ յաճախ կը հանդիպին խառնամուսնութիւնները: Անիկա առիթ է խորհելու եւ վերջապէս հասկնալու, որ մենք կը ցանկաննք ապրիլ խաղաղ եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ: Սակայն ամէն ինչ այդքան հեշտ չէ: Անոր համար ժամանակ պէտք է. ժամանակ հաշտուելու համար:
Դուք գիրք գրած էք, որուն մէջ կը յիշատակէք 1915 թուականի իրադարձութիւնները: Ինչի՞ մասին կը պատմէք այս գիրքով:
Գիրքը ոչ միայն 1915-ի իրադարձութիւններու մասն է: Կը գրեմ երկար ժամանակաշրջանի մը մասին` Ապտուլ Համիտ 2-րդի կառավարման ողջ ընթացքի մասին (խմբ. ծնթ. – Օսմանեան կայսրութեան սուլթան 1842-1918թթ.): Շուտով կը հրատարակուի նաեւ երկրորդ հատորը, որուն մէջ պատմութիւնը կը շարունակուի արդէն 1918 թուականէն: Գիրքի մէջ կ’ըլլլան գլուխներ Սեւրի եւ Լոզանի պայմանագիրներու մասին (խմբ. ծնթ. – Առաջին համաշխարհայինէն ետք Թուրքիոյ հետ կնքուած հաշտութեան պայմանագիրներ): Առաջին հատորը բաւականին հետաքրքրական էր: Շատ բան կարելի է իմանալ Թուրքիոյ պատմութենէն, յատկապէս ինչի մասին սովորաբար շատ քիչ կը խօսին: Այդ պատճառով գիրքս կը կոչուի “այլ պատմութիւն”:
Մենք շատ բաներու մասին կը լռենք, եւ անիկա սխալ է: Պէտք է նայիլ սեփական պատմութեան աչքերուն եւ ճանչնալ անցեալի սխալները: Ճիշտ այն է հզօր Թուրքիոյ յաջողութեան բանալին: