Արցախի ԿԸՅ-ն Պաշտօնապէս Հաստատեց Խորհրդարանին Մէջ Կուսակցութիւններու Աթոռներուն Թիւը
ԼՂՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի այս տարուան Մայիս 10-ի հերթական նիստին ամփոփուած են 2015 թուականի Մայիս 3-ին կայացած ԼՂՀ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները ու կայացուած են որոշումներ 2015 թուականի Մայիս 3-ի ԼՂՀ Ազգային ժողովի ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ եւ 2015 թուականի Մայիս 3-ի ԼՂՀ Ազգային ժողովի համամասնական ընտրակարգով ընտրութիւններու արդիւնքներով պատգամաւորներ ընտրուելու մասին:
ԼՂՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի մամուլի ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի համամասնական ընտրակարգով պատգամաւորներ ընտրուած են «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան ընտրական ցուցակէն` 11 պատգամաւոր, «Ազգային վերածնունդ» կուսակցութեան ընտրական ցուցակէ` 1 պատգամաւոր, Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութեան ընտրական ցուցակէն` 4 պատգամաւոր, «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» կուսակցութեան ընտրական ցուցակէն` 4 պատգամաւոր, «Շարժում88» կուսակցութեան ընտրական ցուցակէն` 2 պատգամաւոր:
ԼՂՀ ընտրական օրէնսգիրքի 123-րդ յօդուածի 8-րդ մասի դրոյթներու հաշուառումով, ԼՂՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը Մայիս 18-ին պիտի հրապարակէ համամասնական ընտրակարգով ընտրուած ԼՂՀ Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն անուանական ցուցակը:
«Ազգային ժողովի կանոնակարգ» ԼՂՀ օրէնքի 34-րդ յօդուածի 1-ին մասի համաձայն`Սահմանադրութեան 82-րդ յօդուածին համապատասխան` նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նստաշրջանը կը գումարուի պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի առնուազն երկու երրորդի ընտրութենէն ետք, երրորդ Հինգշաբթի օրը` ժամը 11-ին, որուն մասին կը յայտարարէ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը: