Բարի Երթ Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ Վարժարանի 35-ամեակին

Սահակ-Մեսրոպ Հայ քրիստոնեայ վարժարանը 35 տարեկան է։ Այս ուրախ առիթով, դպրոցիս ճաշկերոյթի յանձնախումբը կազմակերպեց յատկանշական եւ պատմական ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Մարտ 22ի յետմիջօրէին, «Ռենեսանս» շքեղ սրահին մէջ։ Ուրախալի էր հոն տեսնել 400է աւելի ներկաներ, ներառեալ՝ վարժարանի հիմնադիրներ, հոգաբարձուներ, տնօրէններ, շրջանաւարտներ, բարեկամներ եւ ծնողներ։
Սրահի մուտքին, ընկերային ժամուն, խուռներամ մասնակիցները զիրար կ՛ողջունէին՝ յիշատակներ արթնցնելով։
Արդէն ժամանակը հասած էր սկսելու պաշտօնական յայտագիրը։ Բարեգալուստի խօսքերով հանդէս եկաւ յանձնախումբի ատենապետուհի Սօսի Աստուրեան, ներկաներուն մաղթելով բարի վայելում այս յիշատակելի երեկոյին համար։
Ապա դպրոցի հիմնադիրներ, նախկին եւ ներկայ տնօրէններ, եւ տարբեր տարիներու շրջանաւարտներ, խրոխտ քայլերով մուտք գործեցին դէպի սրահի կեդրոնը, որոնք յոտնկայս դիմաւորուեցան ներկաներու կողմէ ծափողջոյններով։

Օրուան Բանախօս Զաւէն Խանճեան

Օրուան Բանախօս Զաւէն Խանճեան

Մինչ այդ Աստուրեան ներկայացուց օրուան հանդիսավարները՝ Թամար Պարսումեան (2009ի շրջանաւարտ) եւ Արի Ճան Ֆիլեան (2008), որոնք ձեռնհասօրէն վարեցին օրուան յայտագիրը, հաճելի եւ յիշատակելի մէջբերումներով գրաւելով ներկաներուն ուշադրութիւնը։
Ամերիկեան եւ հայկական քայլերգները գրաւիչ ձայնով կատարեց Սուրէն Մկրտչեան։
Վարժարանիս Ը. կարգէն Քրիստինա Շիրանեան հայրենաշունչ ոգիով արտասանեց Գէորգ Էմինի «Մենք»ը։
Բացման աղօթքը կատարեց վեր. Վաչէ Էքմէքճեան։ Ապա տեղի ունեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւնը, ուր հիմնադիրներ, տնօրէններ, բազմավաստակ ուսուցիչներ եւ բարեկամներ իրենց սրտաբուխ խօսքերը արտայայտեցին։ Ներկաները դիտեցին նաեւ անցեալի եւ ներկայի յիշատակելի նկարները։
Յատուկ գնահատանքի արժանացաւ հոգաբարձական կազմէն Աբրահամ Հալէպլեան, իր 25ամեայ ծառայութեան համար։ Հոգաբարձութեան խօսքը ներկայացուց Վահագ Ակոճեան, որ խրախուսիչ խօսքերով քաջալերեց ներկաները, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած են «Սահակ-Մեսրոպ»ին եւ խնդրեց, որ նոյն թափով շարունակեն օժանդակել՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս, դպրոցիս վերելքին եւ բարեզարդման աշխատանքներուն համար։
Կրէկ Հօշարեան իր երրեակին հետ ներկայացուց գողտրիկ, հոգեշունչ եւ հայրենասիրական երգեր, ոգեւորելով ներկաները։
Պահն էր լսելու օրուան բանախօսը՝ Զաւէն Խանճեան, որ գործադիր տնօրէնն է Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան։ Բանախօսը իր սրտի խօսքը արտայայտեց հարազատ զգացումներով։ Ան յիշեց Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի առաքելութիւնը, որ Արարիչի փառքը հիւսող կրթական օճախ մըն է, ուր հայ մանուկներ կը դաստիարակուին հայեցի ու քրիստոնէական շունչով։
Առիթը ունեցանք վայելելու նաեւ երկու հայկական պարեր՝ «Տաւիղ» պարախումբի հեզաճկուն աղջիկներու կատարումով։

Հոգաբարձութեան անդամ Աբրահամ Հալէպլեան կը պարգեւատրուի

Հոգաբարձութեան անդամ Աբրահամ Հալէպլեան կը պարգեւատրուի

Պահն էր հատելու 35ամեակի կարկանդակը։ Աստուրեան հրաւիրեց ճաշկերոյթի հովանաւորները՝ տէր եւ տիկ. Սարգիս եւ Նունէ Սէփէթճեանները, տէր եւ տիկ. Էտի եւ Գարինա Բելենկեանները եւ տէր եւ տիկ. Միքայէլ եւ Արփի Եուսուֆեանները։ Վերջիններուն բացակայութեան պատճառով, հրաւիրուեցան անոնց զաւակն ու անոր կինը՝ Արամ եւ Թամար Եուսուֆեանները։ Բեմ հրաւիրուեցան նաեւ այն նուիրատուները, որոնք իրենց նիւթական մասնակցութիւնը բերին այս երեկոյի յաջողութեան։ Բոլոր նուիրատուներն ալ ստացան համապատասխան յիշատակի նուէրներ յանձնախումբին կողմէ։
Յատուկ գնահատանքի խօսքեր ուղղուեցան դպրոցիս վերելքին եւ յաջողութեան ծառայողներուն, բարերարներուն, որոնց բարոյական եւ տնտեսական ներդրումով դպրոցս կանգուն մնացած է՝ գաղութիս նոր սերունդին ջամբելով ազգային եւ կրօնական գիտելիքներ եւ դաստիարակութիւն։
Այժմու տնօրէն Յովսէփ Ինճէճիկեան հակիրճ կերպով ընթերցեց երեք պարգեւատուող ուսուցիչներու կենսագրականները։ Մարի Մարաշլեան եւ Լուսի Ստեփանեան յուշատախտակներ ստացան իրենց

Պարգեւատրուած ուսուցիչուհիները

Պարգեւատրուած ուսուցիչուհիները

20 տարիներու անձնուէր ծառայութեան համար, իսկ Ռիթա Դաւիթեան յուշատախտակ ստացաւ 30 տարուան ծառայութեան համար, որպէս ուսուցչուհի եւ հոգեւոր տեսուչ։
Յայտագիրի աւարտին ելոյթ ունեցան Ե. Կարգի աշակերտները, որոնք հոգեշունչ եւ հայաշունչ հայկական երեք երգերով երեկոն հասցուցին գագաթնակէտին։
Եզրափակիչ խօսքերով հանդէս եկաւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան, որ միեւնոյն ատեն փոխանցեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի բարեմաղթութիւնները։ Ապա, ան եւ վեր. Յովսէփ Մաթոսեան միասնաբար կատարեցին օրհնութեան աղօթքը եւ Պահպանիչով երեկոն փակուած յայտարարուեցաւ։
Ներկաները գոհունակ սրտով արձակուեցան, իրենց հետ տանելով անցեալի յիշատակներ Սահակ-Մեսրոպ վարժարանէն։
Բարի երթ Սահակ-Մեսրոպին եւ յաջողութիւններ՝ հասնելու նոր բարձունքներու։

ՍՈՆԱ ՊԱՏԱԼԵԱՆ

Asbarez

Scroll Up