Նախագահը Մոսկուայի Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցած Է Մարշալ Բաղրամեանի Յիշատակին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/05/Սերժ-սարգսյան.jpg)
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելած է Մոսկուայի Կարմիր հրապարակին վրայ գտնուող մարշալ Յովհաննէս Բաղրամեանի գերեզմանը, ծաղկեպսակ զետեղած եւ յարգանքի տուրք մատուցած զօրավարի յիշատակին: Այդ մասին յայտնած է Հայաստանի նախագահի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը: